Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսուս ուժ ու քաջութիւն կը ներշնչէ ամէն անգամ որ Իր մօտը երթանք Սուրբ Պատարագի ընթա - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

18 Aralık 2021  

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսուս ուժ ու քաջութիւն կը ներշնչէ ամէն անգամ որ Իր մօտը երթանք Սուրբ Պատարագի ընթա -

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսուս ուժ ու քաջութիւն կը ներշնչէ ամէն անգամ որ Իր մօտը երթանք Սուրբ Պատարագի ընթա Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսուս ուժ ու քաջութիւն կը ներշնչէ ամէն անգամ որ Իր մօտը երթանք Սուրբ Պատարագի ընթացքին։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի պատանիներն ու պատասխանատուները։

Շաբաթ, 18 դեկտեմբերին, կէսօրին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի աւելի քան 70 պատանիներն ու անոնց պատասխանատուները։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնելէ ետք Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով անոնց հետ հանդիպելուն համար, շնորհակալութիւն յայտնեց ու բարձր գնահատեց եկեղեցական շարժումի ղեկավարներուն պատանիներուն կրօնական դաստիարակչութեան ի սպաս վեհանձն յանձնառումը, եւ անոնց ժամանակ եւ աշխատանք տրամադրելու պատրաստակամութիւնը։

Իւրաքանչիւր անձ իւրայատուկ, հարազատ ու ինքնատիպ է
Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց եկեղեցական շարժումի կողմէ ընտրուած դերձակներու աշխատանքներէն ներշնչուած «չափիդ համաձայն» կարգախօսին վրայ` նշելով, որ իրեն համար այս նիւթը հաճելի է, որովհետեւ մտածել կու տայ չափով պատրաստուած հագուստներու մասին, տարբեր անձերու համապատասխանուած առարկաներով, ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր անձ իւրայատուկ է ու լուսապատճէն մը չէ, այլ հարազատ ու ինքնատիպ է,եւ կարեւոր է որ ամէն անհատ, ամէն օր ուրախութեամբ զգեստաւորուի իր յատուկ ծագումին հագուստով։

Քահանայապետը հրաւիրեց ապա մտածել, թէ պատմութեան մէջ չկայ մէկը, որ հաւասար է ուրիշին։ Ամէն անձ իր միակ ու անկրկնելի գեղեցկութիւնը ունի, այսպէս է` որ Յիսուս կը տեսնէ ու կը սիրէ, այնպէս ինչպէս, որ ենք, նոյնիսկ եթէ շատերու կողմէ անտեսուած ենք։
Յիսուս միշտ մօտիկ է մեզի

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, թէ այսօր եւս,Յիսուս մօտիկ է իւրաքանչիւր պատանիի ու ժողովուրդին։ «Սա Աստուծոյ վարուելակերպն է, որ կը նկարագրուի երեք բառերով. մօտիկութիւն, քնքշութիւն եւ կարեկցութիւն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յորդորելով Յիսուսէն սորվիլ մօտիկ ըլլալ մերձաւորին, ընտանիքներուն, բարեկամներուն, կարիքաւորներուն ու թէ «միշտ կարելի է բան մը ընել ուրիշներուն առանց սպասելու, որ անոնք բան մը ընեն մեզի», աւելցուց Ան, ընդգծելով` որ «ամէն օր կարելի է Աւետարանի միսիոնարներ ըլլալ, ամէն տեղ՝ ընտանիքէն, դպրոցէն, ժողովրդապետութենէն, ուրախութեան եւ մարզանքի մթնոլորտէն ներս»։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը հաստատեց որ «այս կատարելու ու Յիսուսին վարուելակերպին նմանելու համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է Յիսուսին մօտիկ ըլլայ, զայն ընդունիլ մեր մէջ, աղօթել ու խօսիլ Անոր հետ՝ մեր ուրախութիւններուն եւ վախերուն մասին»։
Յիսուսի կողմէն ոչ մէկը անտեսուած է

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքին աւարտին նկատել տալով, որ Յիսուս սիրտը լիացնէ ուրախութեամբ։ Յիսուս երբեք չմոռնար մեզ, միշտ պատրաստ է քաջալերելու ու չդադրելու մեզի հաւատալէ։ Յիսուս ուժն ու քաջութիւնը կը ներշնչէ ամէն անգամ որ իր քովը երթանք ,Սուրբ Պատարագին մէջ։ Յիսուս մեզի նայելով կը զուարճանայ, յատուկէն երբ կը կիսենք ուրիշներու համար կարեկցութեան արարքները, ինչպէս նաեւ ամէն անգամ, որ կարող ենք նեցուկ ըլլալ բարեկամներու, դժուարութեան մէջ գտնուող, տառապող ու միայնակ անձերուն։

«Շնորհակալ եմ եւ երջանիկ սուրբ Ծնունդ կը մաղթեմ ձեզի, ձեր ընտանիքներու եւ համայն «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը ու բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+