Պաշտօնական բացում եւ օրհնութիւն` Այնճարի գերեզմանատան վերանորոգեալ Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս մատրան -
Պաշտօնական բացում եւ օրհնութիւն` Այնճարի գերեզմանատան վերանորոգեալ Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս մատրան
Սրբազան հայրը նաեւ գնահատեց Այնճարի Ազգային գերեզմանատան յանձնախումբն ու Թաղական խորհուրդը` իրենց կատարած շինիչ աշխատանքին համար:Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ քոյր համայնքներու, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, գերեզմանատան մատրան վերանորոգութեան բարերար ու նախկին պետական նախարար Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն, Այնճարի հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան մատուցեց ս. պատարագ` Այնճարի գերեզմանատան Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս մատրան պաշտօնական բացման առիթով, իսկ առաջնորդ սրբազանը իր հայրական պատգամը յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին:
Շահէ արք. իր պատգամով անդրադարձաւ ներկայի տիրող կեանքի դժուարութիւններուն եւ իբրեւ օրինակ` վեր առաւ Ս. Պօղոս առաքեալին` թեսաղոնիկէցիներուն ուղղուած երկրորդ նամակին առաջին գրութիւնը , ուր առաքեալը իր խօսքերուն մէջ քրիստոնեաներուն կ՛ըսէ. «Եղբայրնե՛ր, պարտք կը զգանք եւ արդար կը գտնենք ձեզի համար միշտ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, որովհետեւ ձեր հաւատքը հետզհետէ աւելի կ՛աճի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ աւելի կը խորանայ: Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ մենք կը պարծենանք ձեզմով, այն հաւատքին եւ համբերութեան համար, որ դուք ցուցաբերեցիք ձեր կրած բոլոր հալածանքներուն եւ նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Թս. 1.3,4):
Եզրակացնելով պատգամը` ան վերոնշեալ նամակէն մէջբերեց եղբայրասիրութեան գաղափարը ու ըսաւ, որ արդի ժամանակները իրենց բերած նորաձեւութիւններով շատ բան փոխած են մեր կեանքին մէջ, որոնք պատճառ կը հանդիսանան մոռնալու մեր համայնքն ու մեր հարազատները. ուստի յորդորեց ժողովուրդը` մնալ անսասան իրենց քրիսոնէական հաւատքին մէջ եւ չկորսնցնել ուժանակութիւնը, մասնաւորաբար` մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ:
Այնուհետեւ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս նորոգուած մատուռի օծման ու օրհնութեան հանդիսաւոր կարգը: Աւարտին, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց մատրան վերանորոգման նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցուցաբերած բարերար ամոլին եւ, յատկապէս, բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին Այնճար հայաւանին մէջ եօթը տարիներու անխոնջ ու նուիրեալ աշխատանքը եւ առիթէն օգտուելով` համայն գիւղացիներուն անունով անոր հրաժեշտի խօսք ուղղեց ու ըսաւ. «Այնպէս, ինչպէս որ Այնճարի հօտիդ վստահութիւնն ու սէրը շահեցար, նոյն թափով ու ոգիով աշխարհի որ ծագին ալ որ գտնուիս, շարունակես քու սրբազան առաքելութիւնդ` ի պայծառութիւն հայ ազգիս ու եկեղեցւոյս»:
Սրբազան հայրը նաեւ գնահատեց Այնճարի Ազգային գերեզմանատան յանձնախումբն ու Թաղական խորհուրդը` իրենց կատարած շինիչ աշխատանքին համար:
Օրուան հոգեպարար արարողութիւնները աւարտեցան Այնճարի ժողովուրդին ուղղուած առաջնորդին բարեմաղթութիւններով եւ օրհնութիւններով:
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com