Ամերիկահայ Արտեմ Փաթափութեան Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան Նոպէլի մրցանակակիր -
Ամերիկահայ Արտեմ Փաթափութեան Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան Նոպէլի մրցանակակիր
Փրոֆ. Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տավիտ Եուլիուսի հետ միասին արժանացան Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան 2021ի Նոպէլեան մրցանակին, իրենց «ջերմաստիճանի և հպման ընկալիչներու յայտնաբերումին» համար
1967ին Լիբանան ծնած Ամերիկահայ յայտնի գիտնական Փրոֆ. Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տավիտ Եուլիուսի հետ միասին արժանացան Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան 2021ի Նոպէլեան մրցանակին, իրենց «ջերմաստիճանի և հպման ընկալիչներու յայտնաբերումին» համար։ Լուրը յայտարարուեցաւ այսօր` 4 հոկտեմբերին, Սթոքհոլմի մէջ հեռակապով կայացած Նոպէլի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։ Այս տարուայ ճանաչումը հաւասար է Շուետական 10 միլիոն քրոնի որ կը համապատասխանէ 986 հազար եւրոյի։
Նշենք որ Արտեմ Փաթափութեան 27 Մայիս 2020-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Գիտութեան Համաշխարհային փառատօնին ընթացքին արժանացած էր գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր «ՔԱՎԼԻ» մրցանակին, տրուած՝ Նորվեկ Արքայական Գիտութեանց Ակադեմիայի կողմէ, անոր, ջղային դրութեանց, մարդկային մարմիններու ճնշման եւ շփումներու զգացողութեան, ազդեցութիւնը սրտի եւ այլ մարդկային գործարաններու բջիջներուն վրայ իր նորայայտ տեսութիւններու գիւտարարութեան առ ի գնահատական:
Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան զաւակն է մտաւորական, հաճընցի արմատներով Սարգիս Վահագնին եւ Դաստիարակ, Տնօրէնուհի Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեանին:
Լիբանանի ներքաղաքացիական պատերազմին պատճառով ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր իր պսակաւորի աստիճանը ստացած է Հարաւային Գալիֆորնիայի Համալսարանէն (Եու Սի Էլ Է), իսկ դոկտորականը՝ հռչակաւոր ՔԱԼԹԷՔ համալսարանէն:
1982-էն ի վեր կը ղեկավարէ Սքրիբս (SCRIPPS) գիտական մեծ հաստատութեան «Փաթափութեան փորձագիտական Տարրալուծարան»ը։
Ան կենսաբանութեան դոկտորական ստացած է 1996-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ:
Ամուսնացած է եւ ունի մանչ զաւակ մը:
2017-ին գիտնական դոկտ. Արտեմ Փաթափութեան ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ, իր հետազօտութեանց մէջ շօշափելի եւ շարունակական իրագործումներուն շնորհիւ։
Ան «Սքրիփս» հետազօտական հիմնարկի ուսումնասիրողներէն է եւ ջղագիտութեան բաժանմունքի դասախօսներէն մէկն է. նաեւ, 2017-ին, ան նշեալ ակադեմիոյ 84 նոր անդամներէն մէկը հանդիսացաւ։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com