Մահ Եդուարդ Գովանի - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Երկրատես

Gündem :

30 Haziran 2021  

Մահ Եդուարդ Գովանի -

Մահ Եդուարդ Գովանի Մահ Եդուարդ Գովանի

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի ելմտագէտ-հաշուապահ Եդուարդ Գովան, որ իսկական հեղինակութիւն մը կը համարուէր այդ բնագաւառէն ներս։ Յառաջացած տարիքի բերումով Եդուարդ Գովանի առողջութիւնը վերջին շրջանին բաւական խանգարուած էր։ Նոյնպէս վերջին շրջանին ան դարմանում մըն ալ տեսած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս։ Դժբախտաբար, իրեն համար ի սպաս դրուած մասնագիտական խնամքը եւ ընտանիքին հոգածութիւնը մնացին անբաւարար եւ ան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր յուզում պատճառելով թէ՛ հարազատներուն եւ թէ ընկերային շրջանակին։ Սա թէեւ անժամանակ մահ մը չէ, սակայն Եդուարդ Գովան մեր համայնքէն ներս այնպիսի կերպար մը կը մարմնաւորէր, որ կորուստը յառաջացուցած է մեծ ցաւ։

Նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Գովան իր սերունդի ուրոյն ներկայացուցիչներէն մին էր։ Աւարտած էր Մխիթարեան վարժարանը ու կեանքին մինչեւ վերջը մնացած էր Մխիթարեան սան։ Ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն զուգահեռ՝ երկար տասնամեակներ կամաւոր սկզբունքով անփոխարինելի ներդրում մը եւ թանկ ծառայութիւն բերած էր մեր հաւաքական կեանքին։ Ծնած էր 1927 թուականին։ Մխիթարեանը աւարտելէ վերջ վկայուած էր Իսթանպուլի համալսարանի Տնտեսագիտութեան ֆաքիւլթէէն։ Ամբողջ քառասուն տարի գլխաւորած էր իր հիմնադրած հաշուապահական գրասենեակը, որու գործունէութիւնը համատարած գնահատանքի արժանացած էր։ Երդուեալ հաշուապահի հանգամանքով յիշեալ գրասենեակը փակելէ վերջ ալ շարունակած էր գործունէութիւն ծաւալել։

Արհեստավարժ կեանքէ դուրս, իսկական կամաւոր զինուոր մըն էր համայնքէն ներս։ Ուսուցչագործած էր Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններէ ներս։ Զանազան համայնքային կառոյցներու վարչական խորհուրդներուն մաս կազմած էր երկար տասնամեակներ։ Պատրիարքական Աթոռի խորհրդականներէն եղած էր, նաեւ գլխաւորած՝ անոր ելմտական յանձնախումբը։ Իր մասնագիտական պաշարը միշտ ծառայեցուցած էր համայնքին։ Հրապարակային ելոյթներ կ՚ունենար համայնքային վաքըֆներու հարկերու վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Ասուլիսի ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած այդ հաւաքոյթները անկրկնելի եւ անգնահատելի դասախօսութիւններու նշանակութիւնը կ՚ունենային։ Կ՚աշխատակցէր նաեւ համայնքային մամուլին։ Անցեալին յօդուածներ ստորագրած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ մետայլով ու գնահատագրով պարգեւատրուած էր՝ որպէս իր հանրային ծառայութիւններու նկատմամբ բարձր գնահատանքի դրսեւորում։ Հրատարակած էր նաեւ գիրքեր, պատրաստած էր բառարաններ, գրի առած էր ասպարէզի յուշեր։

Այս բոլորին առընթեր Եդուարդ Գովան Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ մըն էր ու որպէս դպիր կը մասնակցէր անոր կեանքին։ Կ՚անդամակցէր Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբին, որու 75-ամեակի յոբելենական յուշամատեանի հեղինակներէն մին եղած էր։

Ամուսնացած էր Երջանիկ Գովանի հետ։ Հայրն էր Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան փոխ-ատենապետ եւ հիմնադրի ներկայացուցիչ ատամնաբոյժ Գարուն Գովանի, որ ի շարունակութիւն իր հասած ընտանեկան միջավայրին՝ համայնքային ծառայութիւններու մէջ կը հետեւի արդէն հոգելոյս հօրը ուղիին։

Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Եդուարդ Գովանին հրաժեշտ պիտի տրուի ազգային յուղարկաւորութեան կարգով։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Եդուարդ Գովանի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Երջանիկ Գովանի, մեր սիրելի բարեկամ Գարուն-Մելինէ Գովան ամոլին, համայն ընտանիքին, պաշտօնակիցներուն եւ սիրելիներուն





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+