Նշելով, Որ Հայաստան Արցախը Պէտք Է Ճանչնայ Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

23 Mayıs 2021  

Նշելով, Որ Հայաստան Արցախը Պէտք Է Ճանչնայ Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակ -

Նշելով, Որ Հայաստան Արցախը Պէտք Է Ճանչնայ Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակ Նշելով, Որ Հայաստան Արցախը Պէտք Է Ճանչնայ Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Քննարկման Ենթակայ Չէ»

Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը քննարկման ենթակայ չէ: Ազրպէյճանական «Թրենտ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս մասին յայտարարած է «Հարաւային Կովկաս. Շրջանային զարգացումներ եւ համագործակցութիւն» նիւթով քննարկումներուն ժամանակ»:

«Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Ալիեւ նաեւ նշած է, որ Պաքուն պատրաստ է Երեւանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատելու, սակայն ատոր համար Ազրպէյճանն ու Հայաստանը պէտք է ճանչնան մէկզմէկու սահմանները:

«Մենք պատրաստ ենք Հարաւային Կովկասի երկիրներուն, ներառեալ Հայաստանի հետ ազատ առեւտուր կատարելու: Սակայն ատիկա կը պահանջէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմաններու փոխադարձ ճանաչում: Մենք մեր կողմէ պատրաստ ենք ճանչնալու Հայաստանի սահմանները: Սակայն Հայաստանը նոյնպէս պէտք է ճանչնայ Ազրպէյճանի սահմանները, ներառեալ Ղարաբաղը` իբրեւ Ազրպէյճանի մաս: Այնպէս, որ մենք հայկական կողմէն քայլերու կը սպասենք», յայտարարած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, 30 հազար հայ կ՛ապրի Ղարաբաղի այն տարածքներուն մէջ, որոնք ներկայիս կը գտնուին ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ: «Մենք զանոնք կը նկատենք Ազրպէյճանի քաղաքացիներ, որոնց ուղեղները լուացած են հայկական քարոզչութեամբ», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի նախագահը չէ բացառած նաեւ ուժանիւթային հարստութեան մատակարարումը Հայաստանին: «Կը կարծեմ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան մեծ ներուժ կայ այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը վերաբերին, օրինակ, ուժանիւթին: Ազրպէյճան կրնայ դէպի Հայաստան ուժանիւթային հարստութիւններու կարողական մատակարար ըլլալ», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Ալիեւ այդ քննարկումներուն ժամանակ նաեւ անդրադարձած էր Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան եւ համարկման հարցով ազրպէյճանական կողմի կատարած առաջարկներուն եւ յայտարարած, որ Զանգեզուրի միջանցքի բացման հոլովոյթը սկսած է:

«Մենք համագործակցութեան առաջարկ ըրած ենք Հայաստանին փոխադրամիջոցային հարցերու շուրջ, մասնաւորաբար` Զանգեզուրի միջանցքի բացման վերաբերեալ, որ պիտի միաւորէ Ազրպէյճանը Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ եւ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը երկաթուղային կապ պիտի ունենայ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Հոլովոյթը սկսած է, ընթացքի մէջ է: Ատիկա դիւրին չէ, սակայն սկսած է, եւ մենք աջակցութեան կարիք ունինք թէ՛ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներէն, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, շրջանի երկիրներէն, ներառեալ Թուրքիան եւ Եւրոպական Միութիւնը: Եւ ցաւալի պիտի ըլլայ, որ Հայաստանը կորսնցնէ այս կարելիութիւնը, ասիկա վերջին կարելիութիւնն է», յայտնած էր ան





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+