Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, այցելութիւն տուաւ Ասորի Եկեղեցւոյ Թարլապաշըի Մայր Եկեղեցիին եւ Առա -
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, այցելութիւն տուաւ Ասորի Եկեղեցւոյ Թարլապաշըի Մայր Եկեղեցիին եւ Առաջնորդարանին։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի, 6 Մայիս 2021, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին այցելութիւն տուաւ Ասորի Եկեղեցւոյ Թարլապաշըի Մայր Եկեղեցիին եւ Առաջնորդարանին։
Ս. Զատկի առթիւ կատարուած փոխադարձ այցելութիւնը, նաեւ Պատրիարք Հօր, Ասորի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Կեդրոնին տուած անդրանիկ այցելութիւնը ըլլալու հանգամանքը կը կրէր։ Այս պատճառաւ, Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթինի գլխաւորութեամբ, Ասորի հոգեւորականներ, սարկաւագներ, դպիրներ եւ վարչայիններ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորեցին առաջնորդարանի մուտքին։ Ասորիներ, իրենց աւանդական բացագանչումով ողջունեցին Պատրիարք Հայրը եւ կազմուած թափորով, Նորին Ամենապատուութիւնը առանջորդեցին Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի։
Եկեղեցւոյ մէջ երկու հոգեւոր առաջնորդներ բարձրացան խորան եւ առաջին հերթին ողջոյնի խօսք արտասանեց Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտը։ Նորին Սրբազնութիւնը, անդրադարձաւ Հայ ու Ասորի Եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեանց եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Պատրիարք Հօր առաջին այցելութեան առիթով։ Թէեւ, յետ ընտրութեան Պատրիարք Հօր հետ հանդիպում ունենալու առիթներ ստեղծուած էին, սակայն թագաժահրի (քորոնա) համավարակը արգելք եղած էր, որ Պատրիարք Հայրը իր պատուիրակութեամբ այցելէ Թարլապաշը։ Առ այդ, Հոգեկան մեծ հրճուանք էր, Հայոց Նորընտիր Պատրիարքը ողջունել Առաջնորդարանի երդիքին տակ։ Ս. Զատկի ուրախութեամբ պարուրուած այս օրերուն, Պատրիարք Հօր մաղթեց խաղաղութիւն, օրհնութիւն եւ գործոց բարեաց յաջողութիւն։
Յաջորդաբար, Պատրիարք Հայրը ի ձեռին ունենալով հովուական ցուպն ու ձեռաց խաչը, իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Հակառակ անոր, որ թագաժահրի համավարակի շրջանին ակամայ սահմանափակումներ տեղի ունեցած էին, սոյն այցելութիւնը բաւականին ոգեւորած էր իրեն եւ տաճարին մէջ զգալի դարձած էր Ս. Հոգիի ներգործութիւնը։ Պատրիարք Հայրը եւս յայտնեց թէ Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներ, ըլլալով պատմական եկեղեցիներ, իրենց խոր արմատները ունէին։ Մօտ 2000ամեայ գործունէութեան ընթացքին, երկու եկեղեցիներ իրենց ժողովուրդներուն փոխանցած էին Քրիստոնէական ոգին։ Այս առիթով, Պատրիարք Հայրը միջեկեղեցական բարեմաղթութիւնները վերաթարմացուց եւ աղօթեց որ ի Քրիստոս միութենական ոգին միշտ առաջնորդէ երկու եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները։ Երբ երկու եկեղեցիներու անսասանութեան համար աղօթքներ վերառաքուեցան առ բարձրեալն Աստուած, եկեղեցւոյ մէջ ներկաներ միացան իրենց բացագանչումով եւ «Ամէն»ներով ու ծափահարութեամբ։
Ողջոյնի արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, Պատրիարք Հօր վերջին աղօթքով ու արտասանած Տէրունական Աղօթքով։ Արարողութենէ յետոյ, Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները առաջնորդուեցան Առաջնորդարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն։ Այստեղ, Պատրիարք Հայրը անգամ մը եւս շնորհաւորեց ներկաներուն Ս. Զատիկը եւ մաղթեց, որ թագաժահրի համավարակի ազդեցութիւնը հեռանայ մարդկային իրականութենէն։ Իսկ միւս կողմէ Ասորւոց Առաջնորդը, յանուն իր համայնքին շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան եւ բարեմաղթութեանց համար։ Այցելութեան առիթով նաեւ Պատրիարք Հօր նուիրուեցաւ յուշանուէրներ։
Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հիւրասիրութեան համար։ Երկու հոգեւոր առաջնորդներ ողջագուրուելէ յետոյ, Պատրիարք Հայրը բաժնուեցաւ Առաջնորդարանէ։
Bu haber turkiyeermenileripatrikligi.org kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi.org) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi.org). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com