Հալէպէն մեր միակին՝ ՀԱՅ-ԱՍ-ՏԱՆին -
Հալէպէն մեր միակին՝ ՀԱՅ-ԱՍ-ՏԱՆին
ՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼՎերջին շրջանին, միայն լաւատեսական տեղեկութիւններ կ’արձանագրուին Հալէպահայութեան մասին, որուն անմիջապէս գովասանքի արտայատութիւններ կ’արձագանգեն արտասահմանէն, որոնք բնական է չափազանցուած կ’ըլլան, ոչ թէ մեր յոռեգոյն վիճակը քօղարկելու ճիգով, այլ ցանկացածը որպէս իրականութիւն տեսնելու բարի կամեցողութեամբ, որ սակայն ջայլամութեամբ կարելի է որակել:
Իրականութեան մէջ այդքան ալ Լաւատես ըլլալու իրաւունք չունինք, սակայն կը փորձենք մենք մեզ մխիթարել մեր հաւաքական կեանքի արտաքին դրսեւորումներով, չէ՞ որ տօնական օրեր էին՝ Ծաղկազարդ, Զատիկ, որոնց ընթացքին կը վխտային եկեղեցիները հաւատացեալներով, ապա եւ խրախճանքներ, ուր կը մոռնաս, Քու առօրեադ, կը մոռնաս Արցախի գրաւեալ հողերը, հազարաւոր նահատակները, որդեկորոյս մայրերու անմխիթար վիճակը, խեղանդամուած երիտասարդները, կը մոռնաս նաեւ որ պարահանդէսներու մասնակիցներէն շատեր հոս կը գտնուին իրենց ստացած նպաստը վատնելու գնով:
Տօնական օրերը սակայն ետեւ մնացին, ու մենք մեզ վերստին գտանք մեր կոտրած տաշտակին առջեւ, մեր միութիւններու մեծաթիւ սկաուտներուն տողանցքներու ոգեւորութիւնն ալ չքացաւ, երգահանդէսներն ու պարախումբերու ելոյթները պահի մը ոգեւորութիւնը ստեղծեցին միայն:
Ապրիլեան յուշահանդէսներն ալ, Պայտընի ցեղասպանութեան ճանաչումին հետ, պահի մը ազդեցութիւնը ունեցան լոկ:
-Ա՜խ, եթէ սուրիական լիրան այսքան անկում չկրեր, եթէ հոս մեր ունեցած տունն ու խանութը ծախելով կարենայինք «հոն» տուն մը գնել, պզտիկ գործ մը հիմնել, մէկու մը կարիքը չզգալ, հոս մարդ չէր մնար:
«Հոն»ը Հայաստանն է, որ վերջին տարիներուն մեզի համար ամենացանկալի վայրը դարձած էր, ուր սակայն հաստատուելու մեր մտադրութիւնները վանած էինք Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք: Հիմա կամաց-կամաց կը վերագտնենք մեր Հայաստան հաստատուելու կամքը, հաւատալով որ հոն պիտի լաւանայ վիճակը:
Իրականութեան մէջ Հայաստան երթալ կ’ուզենք, որովհետեւ ուրիշ երկիր երթալու հնարաւորութիւն չունինք, իսկ մեր ապրած երկրի ապագային հանդէպ ամէն յոյս կորսնցուցած ենք:
Հոս՝ Սուրիա, չապրողը չի կրնար պատկերացնել մեր վիճակը, Ամերիկեան տոլարի արժէքը սեւ շուկային մէջ պագնապէն առաջուայ յիսունի փոխարէն մօտեցաւ հինգ հազար լիրայի սահմաններուն, մինչ պետական սակը 1250 է, այս սակագինով կը վճարուէին երկիր ներմուծուող ապրանքներն ալ, երկրէն մեկնող իւրաքանչիւր սուրիացի վերադարձին պարտաւոր է, պետական սակագինով, 100 տոլար լիրայով փոխանակել այս սակագինով… կրնա՞ս պատկերացնել, մէկ ամիսով, մէկ շաբաթով, նոյնիսկ մէկ օրով քու երկրէդ դուրս ելած ես եւ վերադարձին հարիւր տոլար պէտք է մանրես, մի քանի հարիւր հազար վնասելով: Հիմա պետական սակագինը եղաւ երկու հազար հինգ հարիւր, իսկ սեւ շուկայի սակը այս օրերուն երեք հազարի շուրջ է… ինչո՞ւ վերջին ամիսներուն այդքան արժեզրկուեցաւ մեր լիրան եւ ինչո՞ւ այդքան արագ կրցաւ համեմատաբար կայունանալ եւ վերագտնել վերջին շրջանի իր արժէքը. տնտեսական եւ քաղաքական ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, կարծեմ ոչ մէկ ուշագրաւ բան… մենք բոլորս համոզուած ենք, որ պարզապէս պետութեան «խաղ»ն է այս ելեւէջերուն գլխաւոր պատճառը: Ամէն պարագայի օտար դրամանիշերու թանկութեան հետ օրական կը սղի ամէն ինչ, եւ կարծէք տնտեսական անխախտելի օրէնք մը ըլլայ, երկրիդ դրամանիշին վերարժեւորման հետ շատ դանդաղ կ’աժաննան այդքան արագ սուղցածները…
Ու մենք կը շարունակենք մեր նպաստընկալ վիճակը. ամսական դրութեամբ հազարաւոր ընտանիքներ դրամական նպաստ կը ստանան CARITAS-էն, որ կաթոլիկ եկեղեցիներու բարեգործական միութիւններու համաշխարհային կազմակերպութիւն է: ԳԱՐԻԹԱՍ-ի կամ այլ եկեղեցական նպաստներու ցանկերէն դուրս մնացող ընտանիքներուն օգնութեան ձեռք կ’երկարէ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը: Վիրաբուժական որեւէ գործողութեան ծախսը միլիոններու կը հասնի, եւ բոլորս պիտի մեռնէինք եթէ չըլլային «Ճինիշեան»ի նման բարեսիրական հաստատութիւններ, որոնք կը հոգան վիրահատութեան եւ հիւանդանոցի ծախսերուն մեծ մասը:
Գորոնայով վարակուածներուն ծախսերը կը շարունակուին փակուիլ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնարկի յատուկ այս նպատակին համար տրամադրած գումարով. Այս յատկացումը կատարուած էր Արցախեան վերջին պատերազմի նախօրէին: Յիշեցնեմ, որ «Հայաստան»ը նոյն ատեն կարեւոր գումար մըն ալ յատկացուցած էր սուրիահայ ուսուցիչներուն, իսկ Հայաստանի Հանրապետուփեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամբողջ սուրիահայութեան նիւթական կարեւոր օգնութիւն ցուցաբերած էր:
Յիշեցնե՞մ, նաեւ, որ 1988-ի մեծ երկրաշարժի ընթացքին, Միջերկրական ծովուն վրայ կը ծփար դէպի Պէյրութ ուղղուող նաւ մը, որ Խորհրդային Հայաստանէն օգնութիւն կը բերէր Լիբանանահայերուն, այդ բեռը կը պարունակէր նաեւ դաշնամուրներ իւրաքանչիւր լիբանանահայ դպրոցի համար: Իսկ մենք այս Ապրիլ 24-ին 105 դաշնամուրով նուագելու ծրագիր մը ունէինք, զոր չկրցանք իրագործել ամբողջ ազգով եւ ստիպուեցանք մոռացութեան տալ զայն…
Եկէ՛ք չհաշուենք, թէ ո՞վ աւելի կամ պակաս տուած է միւսին, ո՞ր գաղութը աւելի շատ օգուտ տուած է Հայաստանին կամ այլ գաղութներուն: Չհաշուենք՝ ընդունելով, որ բոլորս նոյն ընտանիք-ազգին զաւակներն ենք, չէ՞ որ ընտանիքի անդամներուն իրար օգնելը պարտականութիւն է եւ իրաւունք. Ինչպէ՞ս կրնաս ձեռնածալ նստիլ երբ քոյրդ, եղբայրդ, մայրդ կամ հայրդ կարիքի մէջ են… նոյնիսկ եթէ նեղուած ես ընտանիքէդ, նոյնիսկ եթէ տուածդ մսխուած է, չես կրնար անտարբեր մնալ երբ կարիքի մէջ են անոնք, նոյնիսկ քու ունեցածդ սակաւէն բաժին կը հանես:
Լա Փալիսեան ճշմարտութիւն է այն, որ ընտանիքիդ անդամները դուն չես ընտրեր, ուրեմն ի զուր մի՛ փորձեր նեղուելով անջատուիլ ընտանիքէդ-ազգէդ, նոյնիսկ եթէ հօրենական տունդ-հայրենիքդ քանդելու պատճառ եղած է հայրդ-երկրիդ ղեկավարը, կամ եղբայրդ-կուսակցապետ մը, քու տուն-հայրենիքդ այս քանդուածն է, դուն եւ ընտանիքիդ անդամները-ազգակիցներդ միասնաբար պիտի վերակառուցէք այն, այլ ճար չկա՛յ: Մենք իրաւունք չունինք ըսելու.- Քանի՞ անգամ պիտի տամ, իրաւունք չունինք դիտողի դերին մէջ մնալու, չարախնդալու, Եթէ հայ ենք (հայ ենք ուզենք, թէ չուզենք), եթէ Հայաստանը մեր հայրենիքն է (մեր հայրենիքն է նոյնիսկ եթէ ոմանք դէմ են), եւ եթէ կ’ուզենք որ սփիւռքահայը Հայաստանցիի չափ արժանի ըլլայ իր հայրենիքին տէրը ըլլալ, ապա պէտք է մեր ամբողջ կրցածը տանք անոր, առանց պատրուակներ փնտռել-գտնելու, առանց ընտրութիւններու արդիւնքներով առաջնորդուելու, առանց կողմ դառնալու, առանց հայհոյանքներուն մասնակցելու, առանց հայրենիքի ղեկավար ընտրելու իրաւունքի, որովհետեւ մենք հոն չենք ապրիր այսօր, մենք ունինք սփիւռքեան մեր ղեկավարները, որոնք պէտք է ծառայեն մեզի, իսկ մենք բոլորս պէտք է անսակարկ հզօրացնենք մեր հայրենիքը, որ իմ ու քու՝ ՀԱՅ-Ա-ՍՏԱՆ անունը կը կրէ, մեր զաւակներուն անունն ալ պիտի կրէ՝ եթէ զանոնք հայ պահենք…
Սուրիոյ մէջ անտանելի զրկանքերով մեր գոյութիւնը քարշ կու տանք, բայց կ’ապրինք մեր միակով, ուրիշ երկիր չունինք, ուրիշ հայրենիք չունինք. մեծ մասամբ ծուատուած, քանդուած, պղծուած հայրենիք մը ունինք այսօր, բայց տակաւին ունինք մեր մայրաքաղաք Երեւանը եւ միմիայն Երեւանէն կ’անցնին մեր կորուստները վերադարձնելու բոլոր ճանապարհները:
Մենք Երեւան-Սիւնիքի, Երեւան-Վարդենիսի, Երեւան Ստեփանակերտի… Երեւան-գալիքի համար պիտի տանք մեր ամէն ունեցածը…
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 6 Մայիս 2021
Bu haber civilnet kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (civilnet) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(civilnet). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com