Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Թուրքիոյ Ուղղուած Մեղադրանքները Համարած Է Կեղծ -
Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Թուրքիոյ Ուղղուած Մեղադրանքները Համարած Է Կեղծ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի պաշտպանէ ճշմարտութիւնը` 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան «կեղծ» եւ «քաղաքական դրդապատճառներով» առաջադրուած մեղադրանքներուն լոյսին տակ:
«Նախագահը ըսաւ, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ պաշտպանել ճշմարտութիւնը անոնց դէմ, որոնք կը ստեն, այսպէս կոչուած, Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ քաղաքական դրդապատճառներով կը սատարեն այդ զրպարտութեան», նշուած է Էրտողանի վարչակազմին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, որ ամփոփած է անոր նախագահութեամբ կայացած բարձրագոյն խորհրդատուական նիստը:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com