Միացեալ Նահանգներու Նախագահը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը -
Միացեալ Նահանգներու Նախագահը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` վերջակէտ մը դնելով պատմական այդ իրողութիւնը Ուաշինկթընին ուրանալ տալու Անգարայի ջանքերուն:
Իր այս քայլով Պայտըն միացաւ Քոնկրեսին եւ երկրին 49 նահանգներուն, ինչպէս նաեւ` ՕԹԱՆ-ի իր առաւել քան 10 դաշնակիցներուն, որոնք կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ Պայտըն օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ ամերիկացիներուն անունով իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
«Ամէն տարի այս օրը մենք կը յիշենք անոնք, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը` կանխելու նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը», կը նշուի Պայտընի ուղերձին մէջ:
«Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ 24 ապրիլ 1915-ին Կոսդանդնուպոլսոյ մէջ հայ մտաւորականութեան եւ համայնքի ղեկավարներու ձերբակալութենէն ետք մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան եւ քալեցին իրենց մահուան երթը: Մենք կը յարգենք Մեծ եղեռնի զոհերը, որպէսզի տեղի ունեցած սարսափները երբեք մոռացութեան չենթարկուին: Եւ մենք կը յիշենք, որպէսզի մնայուն կերպով զգօն մնանք ատելութեան քայքայիչ ազդեցութեան դէմ` իր բոլոր դրսեւորումներով:
«Կենդանի մնացածներէն շատերը ստիպուած էին գտնել նոր տուներ եւ նոր կեանքեր` ամբողջ աշխարհի տարածքին, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ուժով ու տոկունութեամբ հայ ժողովուրդը գոյատեւեց եւ վերակառուցեց իր համայնքը: Տասնամեակներու ընթացքին հայ ներգաղթեալները հարստացուցած են Միացեալ Նահանգները, բայց անոնք երբեք չեն մոռցած այն ողբերգական պատմութիւնը, որ իրենց նախնիներէն շատեր բերաւ մինչեւ մեր ափերը: Մենք կը յարգենք անոնց պատմութիւնը: Մենք կը տեսնենք այդ ցաւը: Մենք կը հաստատենք պատմութիւնը: Մենք այդ կ՛ընենք ապահովելու համար, որ տեղի ունեցածը երբեք պիտի չկրկնուի:
«Ամերիկացի ժողովուրդը կը յարգէ բոլոր այն հայերը, որոնք զոհուած են 106 տարի առաջ այս օրը սկսած ցեղասպանութեան ընթացքին», կ՛ըսուի Սպիտակ տան հրապարակած ուղերձին մէջ:
Նշենք, որ այս յայտարարութենէն մէկ օր առաջ Ճօ Պայտըն, նախագահ ընտրուելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Էրտողանի հետ` անոր յայտնելով, որ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց Պայտընի քայլը` շեշտելով, որ այսպիսով ԱՄՆ-ը ինքզինք կը դնէ հայութեան արդար իրաւունքները ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ճամբուն վրայ, յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ այդ նպատակներուն հասնելու համար սերտ գործակցութիւն կը սկսի հայութեան եւ Սպիտակ տան միջեւ` դէմ դնելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բռնարարքներուն:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com