​Լիբանանցի Ղեկավարներ Կ՛ողջունեն Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք Այցելութիւնը - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

07 Mart 2021  

​Լիբանանցի Ղեկավարներ Կ՛ողջունեն Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք Այցելութիւնը -

​Լիբանանցի Ղեկավարներ Կ՛ողջունեն Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք Այցելութիւնը ​Լիբանանցի Ղեկավարներ Կ՛ողջունեն Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք Այցելութիւնը

Ֆրանչիսկոս պապի Իրաք կատարած այցելութեան առիթով, երէկ լիբանանցի ղեկավարներ արձանագրեցին ողջոյնի խօսքեր եւ կեցուածքներ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ողջունեց Ֆրանչիսկոս պապի Իրաք այցելութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այդ այցելութիւնը կ՛ըլլայ իրաքցիներուն եւ շրջանի բնակիչներուն կարիքը ունեցած խաղաղութիւնը հաստատելու մղիչ ուժը:

Նախագահ Աուն այս առիթով կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Բարի եկած էք Արեւելք, Ֆրանչիսկոս պապ: Այն հողը, որ միշտ ալ եղած է քաղաքակրթութիւններու, կրօններու եւ մշակոյթներու հանդիպման վայրը: Բոլորս կը յուսանք, որ Իրաք ձեր կատարած այցելութիւնը կ՛ըլլայ իրաքցիներուն եւ շրջանի բնակիչներուն կարիքը ունեցած խաղաղութիւնը հաստատելու մղիչ ուժը»:

Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք այցելութիւնը պատմական է` հոգեւոր, մշակութային եւ մարդկային առումով: «Այս այցելութիւնը ամբողջ շրջանին պատգամ մըն է` ընդգծելու կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը: Կը մաղթենք նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս պապին հետ հանդիպինք Լիբանանի հողին վրայ», նշեց ան:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապի Իրաք կատարած այցելութիւնը կը փաստէ Իրաքին եւ իրաքցիներուն նկատմամբ անոր տածած սէրը, ինչպէս նաեւ ցուցանիշ է, թէ պապը իր սրտին մէջ կը զգայ վիրաւոր Իրաքի տակաւին կոտտացող ցաւը:

«Պապը տարիներէ ի վեր կը ծրագրէ այցելել Իրաքի օրհնուած հողերը` ողջունելու համար իրաքցիները եւ անոնց արտայայտելու իր սէրն ու աղօթքները:

Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք այցելութեան նպատակն է իսլամութեան հետ յարաբերութիւնը ամբողջական դարձնել:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք այցելութիւնը խաղաղութեան, սիրոյ եւ յոյսի պատգամ կը փոխանցէ իրաքցիներուն եւ շրջանի երկիրներու բնակիչներուն: «Մենք իսկական խաղաղութեան մեծ կարիք ունինք», ըսաւ ան:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ եթէ իսլամ թէ քրիստոնեայ հոգեւորականները Ֆրանչիսկոս պապի ներողամտութեան, ուրիշին հանդէպ բաց ըլլալուն եւ ինքն իրեն նկատմամբ յեղափոխութիւն կատարելու սկզբունքները ունենային` աշխարհը աւելի գեղեցիկ վայր մը կը դառնար:

Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք այցելութիւնը կը հաստատէ, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է` դիմադրելու համար պատերազմներուն:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+