Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Աւարտած Է. «Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամ Պետո - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

07 Mart 2021  

Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Աւարտած Է. «Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամ Պետո -

Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Աւարտած Է. «Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամ Պետո Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Աւարտած Է. «Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամ Պետութիւնները Կը Հրաւիրենք Զանգեզուրի Միջանցքը Շահագործելու»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ Պաքուն, Անգարան եւ Թեհրանը մտադիր են միացեալ ջանքերով զարգացնել շրջանային փոխադրամիջոցային նախագիծերը, եւ այդ հոլովոյթէն Երեւանը եւս կրնայ օգուտ քաղել: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Ազրպէյճանը, Թուրքիան եւ Իրանը հասարակաց դիրքորոշում ունին շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային նախագիծերու իրականացման հարցին մէջ: Եթէ Հայաստանը ինքզինք բնական պահէ, կրնայ օգուտ քաղել այս հոլովոյթէն», Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հինգշաբթի օր կայացած վեհաժողովի ընթացքին ըսած է Ալիեւ:

Ան նշած է, որ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը աւարտած է` տագնապը ձգելով անցեալին մէջ:

«Ինչպէս արդէն ըսի, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը աւարտած է Հայաստանի նկատմամբ Ազրպէյճանի փառահեղ յաղթանակով: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը անցեալին մէջ է: Հիմա մենք կը մտածենք ապագային մասին: Մենք սկսած ենք քննարկել այնպիսի փոխադրամիջոցային նախագիծեր, որոնք շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար բազմաթիւ երկիրներ կը միաւորեն», ընդգծած է Ալիեւ:

Ան աւելցուցած է, որ 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ կը նախատեսուի կառուցել փոխադրամիջոցային միջանցք, որ Ազրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ, ինչ որ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ:

Ալիեւ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած է միանալու նախագիծին: «Ես պիտի ուզէի նշել, որ նոր միջանցքը, որ պիտի անցնի Ազրպէյճանի պատմական տարածքէն` Զանգեզուրէն, եւ Ազրպէյճանի հիմնական մասը պիտի կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ հետ, փոխադրամիջոցային ոլորտին մէջ նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ: Մենք կը հրաւիրենք Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւնները Զանգեզուրի միջանցքը շահագործելու»:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+