​Սեւան Տէիրմէնճեան. «Հայերէնախօսութիւնը Պոլսոյ Մէջ Քաղաքացիական Եւ Քաղաքական Ներկայութեան Համազօր Եր - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

07 Mart 2021  

​Սեւան Տէիրմէնճեան. «Հայերէնախօսութիւնը Պոլսոյ Մէջ Քաղաքացիական Եւ Քաղաքական Ներկայութեան Համազօր Եր -

​Սեւան Տէիրմէնճեան. «Հայերէնախօսութիւնը Պոլսոյ Մէջ Քաղաքացիական Եւ Քաղաքական Ներկայութեան Համազօր Եր ​Սեւան Տէիրմէնճեան. «Հայերէնախօսութիւնը Պոլսոյ Մէջ Քաղաքացիական Եւ Քաղաքական Ներկայութեան Համազօր Երեւոյթ Է

«Ազդակ»-ի 25-րդ առցանց լսարանին դասախօսեց պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէիրմէնճեան` նիւթ ունենալով «պոլսահայ մշակութային կեանքը այսօր»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը նախ անդրադարձաւ Պոլիս-Պէյրութ մշակութային կամուրջին, պոլսահայ գրողներու Պէյրութ կատարած այցելութիւններուն, Պէյրութի մէջ անոնց հայ մամուլի աշխատակցութիւններուն: Ապա ան ներկայացուց Պոլսոյ կրթական, եկեղեցական եւ ընդհանրապէս մշակութային կառոյցներն ու անոնց ծաւալած գործունէութիւնը` ընդհանուր գիծերու մէջ:

Տէիրմէնճեան, կեդրոնանալէ ետք Մխիթարեան եւ կեդրոնական վարժարաններուն շուրջ համախմբուած հանդէսներու եւ պարբերականներու աշխատակիցներու երեւոյթին վրայ, ներկայացուց նաեւ պոլսահայ գրողներու թրքերէնով կատարած արտադրութիւններուն ընդհանուր պատկերը: Անոնք հայկական կեանքը կը պատմեն թրքերէնով. իսկ երիտասարդ գրողներուն մեծամասնութիւնը կը ստեղծագործէ թրքերէնով:

Սեւան Տէիրմէնճեան տեղեկատուական եւ վերլուծական ակնոցով ներկայացուց երեք անուններու շուրջ յառաջացած բացառիկ հնչեղութիւնը նաեւ թուրք գրական հասարակութեան մէջ: Զապէլ Եսայեան, Զաւէն Պիպէրեան եւ Մկրտիչ Մարկոսեան: Տէիրմէնճեան այս առումով զեկուցեց իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւններուն եւ ապահոված հնչեղութեան պատճառներուն մասին:

Թատերական կեանքի ներկայ իրավիճակի ներկայացումէն ետք հայերէնախօսութեան մասին Տէիրմէնճեան հաստատեց. Պոլսոյ մէջ հայերէնախօսութիւնը քաղաքացիական եւ քաղաքական ներկայութեան համազօր երեւոյթ է»:

Զեկուցումին հետեւեցաւ հարցումներու եւ քննարկումի բաժին: Ներկաները բնութագրեցին ներկայացումը` իբրեւ հետաքրքրական նորութիւններով յագեցած եւ համապարփակ զեկուցում:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+