​«Պաքուի եւ Երեւանի համապատասխան ջանքերէն եւ այլ երկիրներու օգնութենէն բացի, օգտակար կը նկատենք միջա - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

31 Ocak 2021  

​«Պաքուի եւ Երեւանի համապատասխան ջանքերէն եւ այլ երկիրներու օգնութենէն բացի, օգտակար կը նկատենք միջա -

​«Պաքուի եւ Երեւանի համապատասխան ջանքերէն եւ այլ երկիրներու օգնութենէն բացի, օգտակար կը նկատենք միջա ​«Պաքուի եւ Երեւանի համապատասխան ջանքերէն եւ այլ երկիրներու օգնութենէն բացի, օգտակար կը նկատենք միջազգային իրաւասու կառոյցներու միացումը» կ՛ըսէ Զախարովա

ՄԱԿ-ի ղեկավարութիւնը կապի մէջ կը գտնուի հայկական ու ազրպէյճանական կողմերուն հետ եւ կը շարունակէ համաձայնութիւն գոյացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը գնահատելու առաքելութիւն ուղարկելու հարցերուն շուրջ», ըսած է Զախարովա:Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան կայունացման` ընդգծելով մարդասիրական ծրագիրներու գործադրութեան առաջնահերթութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ը:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կացութեան կանոնաւոր կայունացման հասնելու առումով առաջնակարգ տեղի վրայ է վնասուածներուն եւ կարիքաւորներուն համալիր մարդասիրական աջակցութեան ծրագիրը: Թէ՛ Պաքուի, թէ՛ ալ Երեւանի համապատասխան ջանքերէն եւ այլ երկիրներու, նախ եւ առաջ` մեր երկրի օգնութենէն բացի, օգտակար կը նկատենք միջազգային իրաւասու կառոյցներու միացումը: Ներկայ պահուն Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ աշխուժօրէն կ՛աշխատի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն: Ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի համակարգի մասնագիտացուած գործակալութիւններուն, ՄԱԿ-ի ղեկավարութիւնը կապի մէջ կը գտնուի հայկական ու ազրպէյճանական կողմերուն հետ եւ կը շարունակէ համաձայնութիւն գոյացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը գնահատելու առաքելութիւն ուղարկելու հարցերուն շուրջ», ըսած է Զախարովա:

Ան ընդգծած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի խումբերու ջանքերը եւ աջակցութիւն յայտնած մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հարցերով Պաքուի եւ Երեւանի հետ ՄԱԿ-ի փոխադարձ գործակցութեան:

«Ռուսիան, իր կարգին, զգալի ներդրում կ՛ընէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան բարելաւման համար` ռուս մասնագէտներու եւ խաղաղապահներու աջակցութեամբ: 14 նոյեմբերէն ի վեր իրենց մնայուն բնակութեան վայրեր վերադարձած են աւելի քան 51.000 գաղթականներ: Ականազերծուած է աւելի քան 705 հեկտար տարածք եւ աւելի քան 230 քիլոմեթր ճամբայ, վնասազերծուած է շուրջ 24.000 պայթունավտանգ առարկայ: Ամբողջութեամբ վերականգնուած է ելեկտրականութեան մատակարարումը: Շուրջ 1300 բնակիչ բժշկական օգնութիւն ստացած է», աւելցուցած է Զախարովա:

Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, ինչպէս նաեւ 11 յունուարին երեք երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համապատասխան, պատերազմական գերիներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձի խնդիրներուն շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի:

«Եւ ռուսական կողմը այդ հարցերուն մէջ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, ընդ որում` իր խաղաղապահ զօրակազմին գծով: Ինչպէս ընդգծած են մեր երկրի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը, տուեալ խնդիրի շուտափոյթ լուծման լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլար գերիներու փոխանակումը «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով», ըսած է Զախարովա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին յայտնած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնը ծրագրուած է, ուղեւորութեան թուականները տակաւին յայտնի չեն, մանրամասնութիւններուն շուրջ ներկայ պահուն կողմերուն հետ համաձայնութիւն կը գոյացուի»:








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+