Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը հիւանդանոցյին բուժման տակ -
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը հիւանդանոցյին բուժման տակ
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ամեն. Տ. Գրիգոր- Պետրոս Կապրոյեան որոշ ժամանակէ մը ի վեր կը գտնուի հիւանդանոցը անհրաժեշտ բուժումներ ստանալու համար։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մօտ կանգնած աղբիւրէ մը։
Կը նշուի նաեւ, որ Պատրիարք հայրը որոշ անհանգստութիւններ զգացած է, որուն հետեւանքով ալ Պատրիարքարանի մարմիններ նպատակայարմար նկատած են Պատրիարքը փոխադրել հիւանդանոց։
Մեր ունեցած տուեալներով յառաջիկայ օրերուն Պատրիարքը դուրս պիտի գայ բուժման խստացուած պայմաններու հիւանդասենեակէն եւ այդ մէկն անշուշտ ցուցանիշ է հոգեւոր հօր առողջացման դրական ընթացքին։
Առողջութիւն կը մաղթենք Ամենապատիւ Պատրիարք հօր։
Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com