Լիբանանի Մէջ Վաղը Կը Սկսի Գործադրուիլ Երկիրը Ամբողջական Փակումի Ենթարկելու Որոշումը Մէկ Օրուան Ընթաց -
Լիբանանի Մէջ Վաղը Կը Սկսի Գործադրուիլ Երկիրը Ամբողջական Փակումի Ենթարկելու Որոշումը Մէկ Օրուան Ընթացքին Արձանագրուեցաւ 32 Մահուան Պարագայ
Վաղուընէ սկսեալ մինչեւ 25 յունուար 2021 երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումին լոյսին տակ, խուճապի մատնուած քաղաքացիները երէկ դարձեալ խուժեցին հանրախանութներն ու փուռերը` սննդեղէնի մեծաքանակ գնում կատարելու:
Երկրին մէջ անցնող երկու օրերուն, հաւանաբար նաեւ այսօրուան ընթացքին ստեղծուած ու ստեղծուելիք այս խճողումին ընթացքին ենթադրաբար վարակակիրներուն թիւը պիտի բազմապատկուի, բայց եւ այնպէս արտակարգ իրավիճակի դրութեան պատրաստուելու լիբանանեան ոճին մասին աւելի լաւ բեմագրութիւն մը կարելի չէ պատկերացնել:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ կրակմարի դրութիւնը պարտադրելու աւելի խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին` աւելցնելով, որ շտապ իրավիճակներու պարագային այդ բոլորը նկատի պիտի առնուին:
Ասմար նշեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը ծրագիր մը մշակած են եւ պիտի գործադրեն արտակարգ դրութեան ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ ուժերը ցուցմունք ստացած են յարգանքով վարուելու քաղաքացիներուն հետ:
Ասմար ընդգծեց, որ տեղեկատուական մարզը բացառուած է երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումէն` հաստատելով, որ լրագրողները իրենց քարտերով պիտի կարենան հեզասահ կերպով երթեւեկել:
Առողջապահութեան նախարարութեան երէկուան տուեալներով, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 4557 նոր վարակուածներ եւ մահացած են 32 ուրիշներ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ վերջին հինգ օրերուն ընթացքին Լիբանանի տարածքին գտնուող հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ կարելի եղած է 200 յաւելեալ անկողին տեղադրել:
Հասան հաստատեց, որ ասիկա կը փաստէ, թէ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պարագային լիբանանցին իր պարտականութիւններուն մէջ չի թերանար:
Առողջապահութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը նախանցեալ օր գումարեց նիստ մը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ասեմ Արաժիի:
Նիստէն ետք Արաժի յայտնեց, որ խորհրդարանական յանձնախումբը առողջապահութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար որոշած է վաւերացնել օրէնք մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ պատուաստը արագ ապահովել:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ ընդգծեց, որ Լիբանան հասած է այնպիսի իրավիճակի, որուն չէին փափաքեր հասնիլ` աւելցնելով, որ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի մեծագոյն աղէտ:
Իր կարգին, հիւանդապահներու սենտիքայի նախագահ Միրնա Տումեթ յայտնեց, որ Լիբանանի տարածքին բժշկական անձնակազմերուն եւ հիւանդապահներուն թիւը անբաւարար է հիւանդանոցներուն մէջ անկողիններուն թիւը աւելցնելու:
Միւս կողմէ, Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ յայտնեց, որ մայրաքաղաքի այն սեփական վաճառատուները, որոնք յանձնառու չեն մնար արտակարգ դրութեան եւ կը բանան իրենց դռները, ապա կարմիր մոմով պիտի փակուին:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com