​Ֆրանսայի Ծերակոյտը Այսօր Պիտի Քննարկէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութեան Մասին Բանաձեւի Նա - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

25 Kasım 2020  

​Ֆրանսայի Ծերակոյտը Այսօր Պիտի Քննարկէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութեան Մասին Բանաձեւի Նա -

​Ֆրանսայի Ծերակոյտը Այսօր Պիտի Քննարկէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութեան Մասին Բանաձեւի Նա ​Ֆրանսայի Ծերակոյտը Այսօր Պիտի Քննարկէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութեան Մասին Բանաձեւի Նախագիծը

18 նոյեմբերին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը որոշած է քուէարկութեան ներկայացնել «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւի նախագիծը, որ Ծերակոյտին մէջ պիտի քննարկուի 25 նոյեմբերին: Այս մասին կը հաղորդէ Ծերակոյտի պաշտօնական կայքը:

Բանաձեւը ստորագրած են Ծերակոյտի առաջին մեծագոյն 5 քաղաքական խմբակցութիւններու նախագահները: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, «որ կը կատարուի թրքական իշխանութիւններու եւ արտասահմանցի վարձկաններու աջակցութեամբ», եւ կոչ կ՛ուղղէ «ազրպէյճանական զինեալ ուժերն ու անոնց կողմնակիցները անյապաղ հեռացնելու այն տարածքէն, որ 27 սեպտեմբեր 2020-էն սկսեալ գրաւուած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւններուն պատճառով»:

Բանաձեւը ֆրանսական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` «ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ այդ ճանաչումը դարձնելու բանակցութիւններու գործիք` ամուր խաղաղութիւն հաստատելու համար»:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+