Թրքական Հետախուզութիւնը Կը Մասնակցի Ղարաբաղեան Զարգացումներուն. Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզական Ծառայ -
«Թրքական Հետախուզութիւնը Կը Մասնակցի Ղարաբաղեան Զարգացումներուն. Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզական Ծառայութիւնը Ատիկա Կը Զգայ» Կ՛ըսէ Նարիշքին
Թրքական հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն:
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին:
«Թրքական հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն: Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը ատիկա կը զգայ եւ աշխատանքի առանձին տարրեր կը տեսնէ», ըսած է Նարիշքին:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մարտերուն մէջ Սուրիայէն զինեալներու մասնակցութեան վերաբերեալ, նաեւ Միջին Արեւելքի երկիրներու գործընկեր գաղտնի սպասարկութիւններէն յստակ տուեալներ ստացած է:
Նարիշքինի համաձայն, իր ղեկավարած ծառայութիւնը «յստակ տեղեկութիւններ ունի մարտական գօտիին մէջ ահաբեկիչներու ներկայութեան մասին, ներառեալ Միջին Արեւելքէն ու նախ եւ առաջ Սուրիայէն եկածները»:
«Այս տուեալները մենք կը ստանանք շարք մը երկիրներէ, տարբեր աղբիւրներէ եւ մեր տարբեր գործընկերներէն, Միջին Արեւելքի մէջ գործընկեր ծառայութիւններէն», ըսած է Նարիշքին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com