Պէյրութ.Լիբանանահայ երիտասարդներ հրկիզեցին Թուրքիոյ դրօշը -
Պէյրութ.Լիբանանահայ երիտասարդներ հրկիզեցին Թուրքիոյ դրօշը
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամ մեծ թիւով լիբանանահայ երիտասարդներ բողոքի ցոյց մը կատարած են Ռապիյէի շրջանին մէջ գտնուող Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութէն։Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ, երիտասրդները Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն պահանջած է արագօրէն դադրեցնել կրակը եւ առիթ տալ մարդասիրական հրադադարին։
Երիտասարդները միջազգային հանրութենէն պահանջած են ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, երգելով ազգային երգեր եւ բացագանչելով ՝«Յաղթելու ենք»։
Ապահովական մարմիններ, փորձած են ետ մղել, դեսպանատան դարպասին մօտենալ փորձող երիտասարդները, որոնք հաւաքի աւարտին ալ որպէս բողոքի նշած հրկիզած են Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի դրօշները։
Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com