Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Մարդասիրական Զինադադարը. Երէկ` Ամէնէն Թէժ Մարտերը Վերջին Պատերազմին Ըն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

14 Ekim 2020  

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Մարդասիրական Զինադադարը. Երէկ` Ամէնէն Թէժ Մարտերը Վերջին Պատերազմին Ըն -

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Մարդասիրական Զինադադարը. Երէկ` Ամէնէն Թէժ Մարտերը Վերջին Պատերազմին Ըն Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Մարդասիրական Զինադադարը. Երէկ` Ամէնէն Թէժ Մարտերը Վերջին Պատերազմին Ընթացքին

Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի ընթացքին, 13 հոկտեմբերին թէժ մարտեր տեղի ունեցած են շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ: Այս մասին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ան աւելցուց, որ մնացած ուղղութիւններով եւս մարտական գործողութիւնները շարունակուած են, իսկ Ազրպէյճանը որեւէ էական յառաջխաղացում չունի: Ան ընդգծեց, որ երէկ թերեւս ամէնէն թէժ մարտերը տեղի ունեցած են ամբողջ պատերազմի ընթացքին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է, որ ստորագրած է «Պաշտպանութեան մասին» Արցախի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին խորհրդարանին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած օրէնքի նախագիծը: Անիկա Ազգային ժողովին ներկայացուած է նախագահին նախաձեռնութեամբ եւ կը կանոնակարգէ Արցախի մէջ զինուած պաշտպանութեան կամաւորութեան սկզբունքով աշխարհազօրի մասնակցութիւնը:

Նախագահ Յարութիւնեան գրած է. «Օրէնքի ընդունման անհրաժեշտութիւնը կը բխի ստեղծուած պատերազմական իրավիճակէն եւ նպատակ ունի պաշտպանութեան բանակին հետ միասին ալ աւելի ամրապնդելու մեր սահմաններուն պաշտպանութիւնը: Թշնամիին կողմէ մեր դէմ սանձազերծուած պատերազմին կը մասնակցին թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ ալ հազարաւոր վարձկան-ահաբեկիչներ:

«Հայրենական սուրբ պատերազմի այս վճռորոշ պահուն անգամ մը եւս կը դիմեմ մեր ժողովուրդին համախմբուելու եւ ներդնելու բոլոր ջանքերը` վերջնական յաղթանակի հասնելու համար: Թշնամիին ողնաշարը ջարդելու եւ զայն մեր սահմաններէն ետ մղելու համար իւրաքանչիւրիդ անհատական մասնակցութիւնը կարեւոր է:

«Մենք պիտի յաղթենք եւ գալիք սերունդներուն համար պիտի ապահովենք սեփական հողին եւ հայրենիքին մէջ խաղաղ ու անվտանգ ապրելու ապագան: Ի գործ®»:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Ասկերանի շրջանային կեդրոն եւ շրջանային ղեկավարութեան հետ քննարկած է պատերազմական գործողութիւններուն աշխարհազօրայիններու մասնակցութեան հարցերը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` նախագահ Յարութիւնեան այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջով:

Շրջանային վարչակազմի ղեկավարը զեկուցած է Յարութիւնեանին, որ ժողովուրդը ունի պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն, եւ կամաւորական ջոկատներու կազմաւորման աշխատանքները կ՛ընթանան յաւուր պատշաճի:

«Ասկերանի օրինակով հանրապետութեան բոլոր շրջաններուն մէջ այս պահուն կ՛իրականացուի աշխարհազօրայիններէ կազմուած ջոկատներու ստեղծման գործընթացը: Յառաջիկայ ժամերուն եւ օրերուն ընթացքին պաշտպանութեան բանակը պիտի համալրուի պատերազմի եւ զինուորական արհեստավարժ ծառայութեան հարուստ փորձ ու գիտելիքներ ունեցող մեր քաղաքացիներով, որոնց մասնակցութիւնը, համոզուած եմ, էականօրէն պիտի նպաստէ մարտի դաշտին վրայ իրականացուող մեր զօրքերու գործողութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման», գրած է նախագահ Յարութիւնեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ եւրոպացի խումբ մը լրագրողներու հետ, որոնք վերջին օրերուն Արցախ կը գտնուէին: Նախագահը պատասխանեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած ռազմական յարձակումներուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ անոնց ուղղած հարցումներուն:

Ան յատկապէս ցաւ յայտնեց, որ այս պատերազմին պատճառով ազգը կը կորսնցնէ իր երիտասարդ, պայծառ, հայրենասէր տղաքը, ինչպէս նաեւ անմարդկային նկատեց այն, որ առաջին օրէն իսկ թիրախ կը դառնան խաղաղ բնակչութիւնը, քաղաքացիներու բնակարանները:

Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, որ եթէ Ազրպէյճան իբրեւ պատերազմի նպատակ կը յայտարարէ տարածքներու ազատագրումը, այն տարածքներուն, ուր հայեր կը բնակին հազարամեակներէ ի վեր, ապա խորքին մէջ տեղի ունեցածը ցեղային զտում է: Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ նպատակն է Ազրպէյճանին ցոյց տալ, թէ իրենք ցեղային եղբայրներ են, իրարու կարիք ունին, բայց եւ այնպէս շատ հաւանական է, որ Թուրքիան կու գայ մնալու հոն` միջազգային խողովակաշարերը կառավարելու համար:

Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ Թուրքիոյ ներկայութիւնը աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը:

Ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ բանակցային գործընթացին վերադառնալու, խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ընթանալու միակ ճամբան այս տագնապէն Թուրքիոյ դուրս գալն է, հակառակ պարագային իրավիճակը մեծ վտանգ պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին համար:

Պատասխանելով Հայաստանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան հաւանական ճանաչման մասին հարցումի մը` հանրապետութեան նախագահը խօսեցաւ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերու մօտեցումներու քանի մը տարբերութիւններու մասին: «Տարիներու ընթացքին Հայաստանը չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը պարզ պատճառով, որպէսզի առիթ տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուի բանակցութիւններու միջոցով: Մենք կ՛ուզէինք, որ բանակցութիւններու շնորհիւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչցուի, եւ յետոյ միայն Հայաստանը ճանչնայ: Միեւնոյն ժամանակ, եթէ այս պատերազմը շարունակուի, եւ բանակցութիւններու վերադառնալու կարելիութիւն չըլլայ, վստահաբար, Հայաստանը, ամենայն հաւանականութեամբ, այլ ընտրութիւն պիտի չունենայ, բացի ճանչնալը: Սակայն, այս պահուն զինադադարի հաստատման ու բանակցութիւններուն վերադառնալու յոյս կայ: Այդ պատճառով է, որ Հայաստանը նոյնիսկ այսօր ատիկա չի կատարեր: Մեր մօտեցումը այն է, որ այս խնդիրը ռազմական լուծում չունի», յայտնեց ան:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Եւրասիոյ շրջանային ղեկավար Մարթին Շիւփ տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի անհրաժեշտութեան եւ այդտեղ կոմիտէին կողմէ իրականացուող մարդասիրական քայլերուն:

Ան յոյս յայտնած է, որ մարդասիրական զինադադարի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը պահպանուի եւ շօշափելիօրէն թեթեւցնէ մարդոց կացութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան կը տեղեկացնէ, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել մարդասիրական զինադադարը եւ 13 հոկտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն կրկին լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու սկսած է առաջնագիծի ամբողջ երկայնքին:

Վահրամ Պօղոսեան կ՛աւելցնէ. «Հրետանային զինատեսակներէն կը գնդակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը: Բանակային ստորաբաժանումներու հետ բուռն պատերազմական գործողութիւններուն ազրպէյճանական կողմէն կը մասնակցին քանի մը հազար վարձկան-ահաբեկիչներ: Պաշտպանութեան բանակը ծանր մարտեր կը մղէ` փորձելով կասեցնել թշնամիին նախայարձակ գործողութիւնները: Պէտք է գործադրել բոլոր ջանքերը մինչեւ ատամները զինուած թշնամիին մեծ կորուստներ պատճառելու եւ հայրենական այս պատերազմին յաղթանակ ապահովելու համար»:

Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ արցախեան-ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ զինադադարի պահպանումը անհրաժեշտութիւն նկատեց:

«ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պատրիարք Քիրիլի կարծիքով, զինադադարը պէտք է օգտագործել տագնապի հարցերու լուծումը քաղաքական հուն տեղափոխելու համար:





Bu haber ermenihaber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (ermenihaber) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(ermenihaber). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+