Ակնարկ. Անգարան Հանդիպումի Հրաւիրուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Մոսկուային` Սաստկացնելով Պատերազմը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

14 Ekim 2020  

Ակնարկ. Անգարան Հանդիպումի Հրաւիրուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Մոսկուային` Սաստկացնելով Պատերազմը -

Ակնարկ. Անգարան Հանդիպումի Հրաւիրուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Մոսկուային` Սաստկացնելով Պատերազմը Ակնարկ. Անգարան Հանդիպումի Հրաւիրուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Մոսկուային` Սաստկացնելով Պատերազմը

Հայ-ազրպէյճանական ուղղակի թէ անուղղակի բանակցութիւնները ցոյց կու տան, որ Պաքուն եթէ մինչեւ սեպտեմբերեան պատերազմը անվստահելի ոչ կառուցողական կողմ էր եւ ամէն առիթի կը խախտէր համաձայնութիւնները, այս պարագային այլեւս պարզ է, որ Պաքուն ի վիճակի չէ իր երկրին կողմէ որոշում կայացնելու կամ այս պարագային Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւն գործադրելու:

Պատերազմը հրահրուած է Թուրքիոյ կողմէ. Թուրքիոյ ո՛չ միայն զինուժը, այլ նաեւ զինուորական բարձրաստիճան սպայակոյտը` անօդաչու սարքերէն մինչեւ ռազմական կործանիչներ ներկայ են Արցախի դէմ յայտարարուած պատերազմին: Այսօր ո՛չ միայն միջազգային հանրային կարծիքը, այլ նաեւ միջազգային հանրութիւնը կը խօսին, Անգարայի կողմէ ահաբեկիչներու պատերազմի ներմուծման մասին:

Ռազմական մակարդակի վրայ այս բացայայտ ներգրաւուածութիւնը Անգարան կ՛ուզէ տեղափոխել նաեւ բանակցային դաշտ: Եւ ինչպէս որ Ազրպէյճանի տարածքը կ՛օգտագործուի Անգարայի ռազմաքաղաքական գործարքներուն համար, այնպէս նաեւ հիմա փորձ կը կատարուի ազրպէյճանական կողմը լրիւ շահարկելու Թուրքիոյ ներգրաւումը ապահովելու համար հակամարտութեան լուծման գործընթացին:

Երկու ուղղութեամբ բեկումնային որեւէ ճեղքում չէ կրցած ապահովել Անգարան: Այս պատճառներով է նաեւ, որ ուղղակի կաթուածահար վիճակի մէջ է որեւէ բանակցութիւն, սկսելու համար` զինադուլի հաստատման որեւէ պայմանաւորուածութիւն: Ազրպէյճան ի վիճակի չէ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու. իրաւասութիւն չունի նոյնիսկ մարդասիրական ժամանակաւոր զինադադարի համաձայնութիւնը գործադրելու:

Յստակ է ուղերձը Պաքուին: Պաքուին փոխարէն խօսեցէ՛ք Անգարային հետ: Այդպէս թելադրուած է իրեն: Այլապէս որեւէ հրադադար չի կայանար, որեւէ մարդասիրական զինադուլային կանգառ տեղի չ՛ունենար:

Անգարան սպասողական վիճակի մէջ է, որ Մոսկուան հակամարտութեան կարգաւորման իրողական ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներէն տեղափոխէ Անգարա-Մոսկուա գիծին վրայ: Այդ առաջարկը առ այս պահը արձագանգ չի գտներ Մոսկուայի կողմէ: Ընդհակառակն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յստակացնէ, որ միջնորդական ձեւաչափը պէտք է մնայ նոյնը, եւ Թուրքիան դեր չունի այստեղ կատարելիք:

Այս չընդառաջումին դիմաց յարձակումը կը սաստկանայ` խորքին մէջ հարուածելով Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնը: Անգարան կը սկսի հարուածել Մոսկուան` դարձեալ Ազրպէյճանը օգտագործելով: Ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ սկսելու համար կայուն զինադուլի տեսանելիութիւնը կ՛արձանագրուի, երբ տեղի ունենան միջգերատեսչական, գուցէ աւելի ուշ նոյնիսկ Փութին-Էրտողան հանդիպում մը:

Ականահարելէ ետք ԵԱՀԿ-ի համապատասխան համակարգը` Անգարան այսպիսով կը ձախողցնէ նաեւ Մոսկուայի կողմէ առնուած մարդասիրական զինադուլ հաստատելու քայլը: Այս բոլորին մէջ Պաքուն պարզապէս ամբողջական հնազանդութեամբ կը կատարէ Անգարայէն իրեն փոխանցուող հրահանգները: Լիարժէք կ՛աշխատի «մէկ պետութիւն եւ իրեն ամբողջական ենթակայ մարզ» բանաձեւը` փոխան «մէկ ազգ երկու պետութեան»:

Անգարայի առաջարկին` Մոսկուայի դիւանագիտական մերժումին կը յաջորդէ պաշտպանական մակարդակի վրայ կատարուած յայտարարութիւնը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէր, որ իր իրաւասութեան ծիրին մէջ կը մասնակցի Արցախի մէջ կացութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ կայունացնելու նախաձեռնութիւններուն:

Ռուս եւ թուրք պաշտպանութեան նախարարներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, ըստ լրատուութեան, չէր վերաբերեր միայն արցախեան պատերազմին: Ամփոփ լրատուութիւնը կը նշէր, որ անոնք խորհրդակցած են Արցախի, Լիպիոյ եւ Իտլիպի մասին: Ահա այստեղ է կարեւորագոյն հանգուցակէտը: Անգարան երրորդ թէժ կէտ բանալով ռազմաքաղաքական փաթեթային գործարքներու առաջարկ կը կատարէ Մոսկուային: Գործարքային առաջարկներ կատարելու համար միջոցներ եւ գործիքակազմեր պէտք են: Այդ միջոցներուն հիմնականը Ազրպէյճանն է:





Bu haber ermenihaber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (ermenihaber) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(ermenihaber). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+