Դատապարտելով Սրբավայրերու Ռմբակոծումը . Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Շինիչ Երկխօս -
Դատապարտելով Սրբավայրերու Ռմբակոծումը . Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Շինիչ Երկխօսութեան
Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յայտարարութիւն մը կատարեց` կոչ ուղղելով զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ դատապարտելով Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը երէկ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց շաբաթ, 10 հոկտեմբերէն ի զօրու նկատուող զինադադարի խախտումին գծով:
12 հոկտեմբեր 2020 թուակիր հաղորդագրութեամբ նշեալ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոհան Սոսա իր եւ խորհուրդին անունով խոր մտահոգութիւն յայտնեց զինադադարի խախտումին պատճառով ինկած զոհերուն համար: Ան յայտնեց, որ խորապէս ցնցուած էր Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծման լուրերէն, ուր ապաստանած էին քաղաքացիներ: Հաղորդագրութիւնը խիստ կերպով դատապարտեց կրօնական եւ մշակութային կեդրոններու վրայ յարձակումները:
Հաղորդագրութիւնը այս առիթով կոչ ուղղեց շինիչ երկխօսութեան` մաղթելով, որ հոգեւոր պետեր եւ որոշում կայացնող ղեկավարներ խորհրդակցին եւ խաղաղ եզրայանգումի հասնին, յարգելով փոխադարձ մարդկային արժանապատուութիւնը, սրբավայրերն ու խաղաղ համերաշխութիւնը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com