Մնացականեան. «Ազրպէյճանը Շրջանին Մէջ Դարձած Է Միջազգային Ահաբեկչութեան Օճախ» - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

13 Ekim 2020  

Մնացականեան. «Ազրպէյճանը Շրջանին Մէջ Դարձած Է Միջազգային Ահաբեկչութեան Օճախ» -

Մնացականեան. «Ազրպէյճանը Շրջանին Մէջ Դարձած Է Միջազգային Ահաբեկչութեան Օճախ» Մնացականեան. «Ազրպէյճանը Շրջանին Մէջ Դարձած Է Միջազգային Ահաբեկչութեան Օճախ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան անհրաժեշտ նկատեց կասեցնել Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութեամբ եւ Սուրիայէն ու Լիպիայէն Ազրպէյճան բերուած զինեալ ահաբեկիչներուն միջոցով:

Այս մասին Մնացականեան նշեց Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` ընդգծելով, որ Ազրպէյճան շրջանին մէջ դարձած է միջազգային ահաբեկչութեան օճախ:

«Իրավիճակը արդէն դարձած է անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք մեր ամբողջ շրջանին համար: Այն, ինչ որ այսօր կ՛ունենան մեր հայրենակիցները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, գոյութենական վտանգի մարմնացում է: 27 սեպտեմբերէն մինչեւ այսօր Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կ՛իրականացնէ լայնածաւալ յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ, այդպիսով ցուցադրելով իր նպատակը` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի ռազմական ճամբով լուծման եւ Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական ոչնչացման առումով: Այս յարձակումը կը յատկանշուի անով, որ առկայ է Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութիւնը, կան նաեւ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն Ազրպէյճան տեղակայուած զինեալ ահաբեկիչներ, որոնց Թուրքիան կ՛օգտագործէ իր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան շահերուն համար: Ազրպէյճանը դարձած է շրջանին մէջ միջազգային ահաբեկչութեան օճախ: Այսօր մեզի համար անհրաժեշտ է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, այդ հարցով Ռուսիոյ դերը բաւական կարեւոր է», շեշտեց Մնացականեան:

Նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճան չի գործադրեր 8 հոկտեմբերին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն շուրջ 11 ժամ տեւած հանդիպման իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը:

«Այսօր առաջնահերթ խնդիրը կրակի դադրեցման ապահովումն է եւ վաւերականութեան մեքանիզմներու ապահովումը: Մենք դեռ չենք հասած այն մակարդակին, որ կարենանք ապահովել մեր յայտարարութեան առաջին կէտը: Այսօր խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան եւ կողմերուն հետ, որպէսզի կարենանք գտնել մեքանիզմ, երբ կարենանք հասնիլ ամուր զինադադարի, որպէսզի աշխատինք մարդասիրական հարցերու ուղղութեամբ: Եթէ մենք չկարենանք երկարաձգել զինադադարը, ապա ատիկա չափազանց բացասական պիտի անդրադառնայ մնացած այլ հարցերուն վրայ», ըսաւ Մնացականեան` շեշտելով, որ այդ մեքանիզմները վաղուց պէտք է ներդրուած ըլլային, սակայն Ազրպէյճան միշտ մերժած է զանոնք եւ հրաժարած անոնցմէ:

Ան նաեւ խօսեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ քաղաքացիները ռմբակոծելու երեւոյթին մասին: «Ազրպէյճանը այսպիսի ցեղասպանական քայլերով տարբերութիւն չի դներ զինուորականներու եւ խաղաղ բնակչութեան միջեւ: Ըսեմ աւելին` ան միտուած է աւելի շատ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորման: Ռազմական յարձակումներու ընթացքին Ազրպէյճանը թիրախաւորած է Արցախի աւելի քան 120 քաղաքացիական բնակավայրեր: Այդ կարգին` մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, Շուշի քաղաքը, Հատրութը, Մարտակերտը, Մարտունին եւ այլն: Թիրախաւորուած քաղաքացիական բնակավայրերուն մէջ զինուորական կառոյցներու բացակայութիւնը անգամ մը եւս կը խօսի Ազրպէյճանի նպատակադրուած քայլերուն մասին, ինչ որ հաւասար է ռազմական յանցագործութեան», նշեց նախարար Մնացականեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախին հասցուած օդային, հրետանիի, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածները կ՛իրականացուին Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն անմիջական աջակցութեամբ:

«10 հոկտեմբերի դրութեամբ` Ազրպէյճանի զինուած ուժերու եւ անոր աջակցող ուժերուն կողմէ սպաննուած է 23 քաղաքային անձ եւ հարիւրաւորներ վիրաւորուած են, անոնցմէ 81-ը` ծանր: Յարձակումին պատճառով մեծցած է տեղահանուածներուն թիւը, անոնց մէկ մասը տեղափոխուած է Արցախի այլ բնակավայրերը, ոմանք տեղաւորուած են Հայաստան: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքները եւս ծանր վնասներ կրած են: 8 հոկտեմբերին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը երկու հարուած հասցուցած են Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ», յայտնեց նախարարը:

Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ռուսիոյ ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ, իսկ Հայաստանը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հարցի խաղաղ լուծման կողմնակից:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+