Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը -
Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար զօրավար Սերկէյ Շոյկու երկուշաբթի օր հեռաձայնային բանակցութիւններ վարած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ: Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան:
Կը նշուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ, ներառեալ` ղարաբաղեան տագնապը, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ մէջ եւ սուրիական Իտլիպի մէջ տիրող իրավիճակը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com