Քրեմլին Ընդգծած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը` Շեշտ -  
 
	
 
	Քրեմլին Ընդգծած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը` Շեշտելով. «Մոսկուան Շատ Ուշադիր Կը Հետեւի Կացութեան»
	
	 
	 
	
	Քրեմլին չափազանց կարեւոր կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ համաձայնութիւններու կատարումը, ինչ որ ապագային կրնայ հող նախապատրաստել մարտական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման եւ տագնապի լուծման քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներուն անցնելու: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք բարձր կը գնահատենք մարդասիրական դադարի մասին որոշումը, որ ձեռք բերուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հաղորդակցութիւններուն շնորհիւ», երէկ լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Ան ընդգծած է, որ այժմ Մոսկուան «շատ ուշադիր կը հետեւի կացութեան, Քրեմլինի մէջ երկու կողմերէն հաղորդակցութիւններ կը տեսնեն զինադադարի խախտումներու մասին»:
«Մենք կը կարծենք, որ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութիւնը չափազանց կարեւոր է ապագային մարտական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման եւ տագնապին լուծման քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներուն անցնելու համար», ընդգծած է Քրեմլինի բանբերը:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com