Իրան Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Պահպանելու Զինադադարի Դրութիւնը` Անգամ Մը Եւս Պատրաստակա -
Իրան Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Պահպանելու Զինադադարի Դրութիւնը` Անգամ Մը Եւս Պատրաստակամութիւն Յայտնելով Աջակցելու Բանակցութիւններու Վերսկսման
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ ուղղած է հաւատարիմ մնալու զինադադարին եւ միջազգային արժեչափերու ծիրին մէջ վերսկսելու ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ պետական լրատու գործակալութիւնը:
Խաթիպզատէ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ափսոսանք յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման դրութեան խախտման համար, որուն վերաբերեալ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր նախորդ շաբաթ, եւ դատապարտած է քաղաքացիական ենթակառոյցներու եւ բնակելի շէնքերու հրթիռակոծութիւնը:
Խաթիպզատէ անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Իրան պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցային հոլովոյթին` շրջանին մէջ ամուր խաղաղութեան հասնելու համար:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com