Հադրութի Ուղղութեամբ Կը Շարունակուի Յարձակողական-հետախուզական Խումբի Ոչնչացման Ռազմագործութիւնը -
Հադրութի Ուղղութեամբ Կը Շարունակուի Յարձակողական-հետախուզական Խումբի Ոչնչացման Ռազմագործութիւնը
Աշխարհ, ՀայաստանՀադրութի ուղղութեամբ կը շարունակուի ներթափանցած յարձակողական-հետախուզական խումբի շրջափակման եւ ոչնչացման ռազմագործութիւնը: Այս մասին Հոկտեմբեր 12-ին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ հերքելով ազրպէյճանական հերթական սուտ տեղեկութիւնը։
«Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւններ կը տարածեն, որ իբր Կարմիր Շուկայի ուղղութեամբ նահանջող ՊԲ ստորաբաժանումներուն հասցուած են հրետանային հարուածներ, որոնց իբրեւ արդիւնք կան լուրջ կորուստներ: Ազրպէյճանական քարոզչամեքենան, սովորութեան համաձայն, կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը՝ փորձելով ամէն գնով ապացուցել Հադրութը վերահսկողութեան տակ վերցնելու մասին Ի. Ալիեւի մերկապարանոց յայտարարութիւնը: ՊԲ ստորաբաժանումները՝ ռազմաճակատի ամբողջ երկարութեամբ՝ կը շարունակեն վստահօրէն կատարել առաջադրուած մարտական խնդիրները: ՊԲ ստորաբաժանումները միեւնոյն ժամանակ յաջողութեամբ կը կասեցնեն մարդասիրական հրադադարին չհետեւող ազրպէյճանական զինուժի յարձակողական գործողութիւններուն փորձերը: Հադրութի ուղղութեամբ կը շարունակուի ներթափանցած յարձակողական-հետախուզական խումբի շրջափակման եւ ոչնչացման ռազմագործութիւնը: Իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ լիարժէք վերահսկողութեան տակ: Մեր հայրենակիցներուն կը հորդորենք հետեւիլ բացառապէս պաշտօնական լրահոսին»,- կը նշեն Արցախի պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութենէն:
Bu haber yerakouyn kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (yerakouyn) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(yerakouyn). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com