Վենետիկի Պատրիարքին աղօթքը ի լուր Հայ Ժողովուրդի տառապանքին։ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

11 Ekim 2020  

Վենետիկի Պատրիարքին աղօթքը ի լուր Հայ Ժողովուրդի տառապանքին։ -

Վենետիկի Պատրիարքին աղօթքը ի լուր Հայ Ժողովուրդի տառապանքին։ Վենետիկի Պատրիարքին աղօթքը ի լուր Հայ Ժողովուրդի տառապանքին։

Տէրը օրհնէ՛ Հայաստանի Հայ ժողովուրդը իր Հովիւներով եւ լուսաւորէ բոլոր ներգրաւուած ոյժերու կառավարիչները եւ անոնք որ կրնան միջազգային բեմահարթակի վրայ նպաստել, որպէսզի արդարութեամբ վերահաստատուի խաղաղութիւնը Կովկասի մէջ:

Ստորեւ կը հրապարակենք Վենետիկի Պատրիարք՝ Ֆրանչեսկոյ Մորալիայի խօսքը Կովկասի մէջ տեղի ունեցող պատերազմի առթիւ։

Որպէս Պատրիարք Վենետիկի, որ 300 տարիէ կը հիւրընկալէ Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքը, կ՚ուզեմ իմ յատուկ սրտակցութիւնս յայտնել, բազմիցս տառապեալ սիրելի Հայ ժողովուրդին, այս օրերուս ապրած ճգնաժամին համար։

Վաղեմի քրիստոնեայ ժողովուրդ, որուն ճակատագիրը կարծես մարտիրոսութեան կոչումն ըլլայ։

Ժողովուրդ մը, որ հինէն ի վեր պահպանած է Յարուցեալին հաւատքը, որ Քրիստոսի Խաչը ընդարձակ նշան ըրած է իր ամբողջ հոգեւոր, գրական եւ արուեստի արտայայտութեան եւ այնքան խորապէս Խաչէն ազդուած իր ամբողջ էութեամբ, որ յանձն առած է Քրիստոսի հետ խաչուիլ, յաճախակի եւ կրկնուող տառապանքներու ալիքներու հետեւանքով։

Մինչ իմ սրտակցութեան խորին զգացումներս կը յայտնեմ սիրելի Հայ ժողովուրդին եւ եւ անոնց ընտանիքներուն ընթացող պատերազմի բազմաթիւ զոհերուն համար, կը ցաւիմ երկուստեք ինկածներուն ու անոնց սիրելիներուն համար. կոչ կ՚ուղղեմ Վենետիկի Պատրիարքութեան բոլոր քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն բարձրացնելու իրենց աղօթքը Ս. Կոյս Մարիամին, այս Հոկտեմբեր ամսուայ մէջ, որպէսզի իր հզօր բարեխօսութեամբ, խաղաղութիւնը ժամ առաջ վերականգնուի այդ տառապեալ երկիրներու մէջ եւ կարելի ըլլայ խաղաղութեամբ համատեղ ապրելու պայմաններ հաստատել։

Տէրը օրհնէ՛ Հայաստանի Հայ ժողովուրդը իր Հովիւներով եւ լուսաւորէ բոլոր ներգրաւուած ոյժերու կառավարիչները եւ անոնք որ կրնան միջազգային բեմահարթակի վրայ նպաստել, որպէսզի արդարութեամբ վերահաստատուի խաղաղութիւնը Կովկասի մէջ:





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+