Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նշանակալի առցանց երգահանդէսը նպատակաուղղուած է Լիբանանի հայութեան եւ յատկապէս Համազգայինի մեծ ու աշխարհատարած ընտանիքը ի մի բերելու, օգտուելով համացանցի արդի հաղորդակցութեան բոլոր հնարաւորութիւններէն:
Առցանց երգահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին (pacific time), հեռարձակուելով
https://www.horizonatv.com/ պատկերասփիւռի կայանէն, ինչպէս նաեւ առցանց յղումով՝
https://www.facebook.com/hamazkayinhartag/
Hamazkayin Hartag Youtube կայքէն:
Ընդառաջելով իրենց ուղղուած դիմումինէ երգահանդէսին աշխարհի չորս ծագերէն սիրով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հռչակ վայելող սիրուած հայ երգիչ-երգչուհիներ ու երաժիշտներ: Այս առթիւ, սրտի խօսք պիտի ուղղեն հայ ականաւոր քաղաքական գործիչներ, ինչպէս՝ Կարօ Փայլան, Գագիկ Գասպարեան, Լէօ մուն, նաեւ Համազգայինի կեդրոնական եւ Արեւմտեան Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները:
Երգահանդէսը սիրայօժար պիտի համադրէ պատկերասփիւռի արժանթինահայ հաղորդավար Լէօ Մոմճեան, որ հարուստ փորձառութիւն ունի այս մարզին մէջ:
Երգահանդէսին գլխաւոր նպատակն էէ ոչ միայն նեցուկ կանգնիլ յետ աղէտի վերականգնումի գործընթացին, այլ բարոյական նոր կորով եւ լաւատեսութիւն ներշնչել մեր ազգակիցներուն, ի մասնաւորի համազգայնականներուն, որոնք ֆիզիքական ու նիւթական կորուստներու առընթեր, քայքայման եւ բարոյալքման այս հանգրուանին, խիստ կարիքը ունին դարձեալ լաւատեսութեամբ ներշնչուելու եւ նոր կորով ու խինդ հաւաքելու՝ քաջ համոզումով, որ աւերէն ետք վերաշինելու եւ ինզինք վերագտնելու բնազդը ու վարքագիծը հայ ազգի ճակատագիրին անբաժան մէկ մասնիկն է: Նման խօսուն վկայութիւններով հարուստ են մեր պատմութեան էջերը:
Այժմ, մեր պարտքն է նո՛ր աւիւն, նոր՛ յոյս, նո՛ր շունչ ներարկել մեր աղէտահար սիրելիներուն՝ ապացուցելով, որ կեանքը տակաւին գեղեցիկ է, յաղթահարելի են բոլոր դժուարութիւնները, երբ կան իրենց օգնութեան երկարած եղբայրական հոգատար ու գուրգուրոտ ձեռքեր, որոնք գորովագութ ոգիով բաժնեկից են իրենց տառապանքին եւ փափաքը ունին նոր ժպիտով ու պայծառատեսութեամբ ոռոգելու անոնց կեանքը, գործնապէս չնչին օգնութիւն մը ցուցաբերելով փալասան հանդիսանալու անոնց տակաւին կոտտացող վէրքերուն եւ ցաւերուն:
Սիրելիներ,
Եկէ՛ք միասին բռնցքուինք, մեր անկարելին կարելի դարձնելով՝ օգնելու աղէտեալ գօտիին մէջ անփոխարինելի կորուստներ կրած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն. զանոնք օժտենք վերապրումի կամքով եւ միաւորուինք յանուն Սփիւռքի այս մայր երակին, որ հայապահպանման ռահվիրան դարձաւ իր կազմակերպ կառոյցներով եւ առանցքային դեր կատարեց սփիւռքահայու պահանջատէր նկարագիրի կազմաւորման մէջ: Վկա՛յ Հայ Դատի գուպարին անձնազոհ մարտիկներուն եւ համայնքային կեանքի ձեւաւորման մէջ անոնց կազմակերպած հատու գործունէութիւնը եւ մշակութային բեղուն կեանքի խայտաբղէտ կենցաղը: Վկա՛յ մանաւանդ համայնքային կեանքի ճամբով Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ անոնց հեղինակաւոր ներկայացուցչութիւնը: Ու վկայութիւնները անծայրածիր են:
Այս այն բացառիկ հնարաւորութիւնն է, զոր զօրաշարժի ենթարկուելով՝ բոլորս ապացուցենք, որ մենք ալ կրնանք իրերօգնութեան շօշափելի օրինակներ հանդիսանալ, շտապ կամ բնականոն պայմաններու մէջ օժանդակելով կարիքաւորին:
Ա՛յս է Համազգայինի նպատակասլաց երթին հարթած հպարտառիթ գործունէութեան մէկ այլ ցուցանիշը:
Որպէսզի լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս խրոխտաբար իր սեփական ոտքերուն վրայ կանգնի՝ եկէ՛ք աշխարհի հայե՛ր, նուիրենք մեր լումաները նաեւ հետեւեալ հասցէով՝
Hamazkayin.com/donate
Բիւ՜ր շնորհակալութիւն բոլոր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային Վարչութիւն