​«Էրտողան Ազգայնամոլութեան Եւ Իսլամականութեան Խառնուրդ Եղող Ծաւալապաշտական Քաղաքականութիւն Կը Վարէ» - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

23 Ağustos 2020  

​«Էրտողան Ազգայնամոլութեան Եւ Իսլամականութեան Խառնուրդ Եղող Ծաւալապաշտական Քաղաքականութիւն Կը Վարէ» -

​«Էրտողան Ազգայնամոլութեան Եւ Իսլամականութեան Խառնուրդ Եղող Ծաւալապաշտական Քաղաքականութիւն Կը Վարէ» ​«Էրտողան Ազգայնամոլութեան Եւ Իսլամականութեան Խառնուրդ Եղող Ծաւալապաշտական Քաղաքականութիւն Կը Վարէ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «Փարի Մաչ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը վարէ «ազգայնամոլութեան ու իսլամականութեան սկզբունքներու խառնուրդ եղող ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն մը, որ համահունչ չէ եւրոպական շահերուն եւ Եւրոպայի մէջ կայունութիւնը քայքայող գործօն մըն է»:

Մաքրոն միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ այդպիսի պայմաններու մէջ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է իրատեսական գնահատական տայ կատարուածին եւ իր շահերուն հիման վրայ քայլերու ձեռնարկէ:

«Եւրոպան պէտք է այդ հարցերը դիմակայէ դէմ առ դէմ եւ տէր կանգնի իր պարտաւորութիւններուն: Ես մագլցումին հետ չեմ, սակայն միեւնոյն ժամանակ, տկար դիւանագիտութեան չեմ հաւատար: Ազդանշան մը ուղարկեցինք, թէ եւրոպական միասնականութիւնը իմաստալից է», շեշտեց ան:

«Ֆրանսան միջերկրականեան ուժ է», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով. «Ես եւրոպացի այն սակաւաթիւ ղեկավարներէն եմ, որ վերջին տարիներուն հիւրընկալած են Էրտողանը, յունուար 2018-ին: Ատոր համար շատեր զիս քննադատեցին: Ան անկասկած այն ղեկավարներէն մէկն է, որուն հետ ամէնէն շատ զրուցած եմ: Սեպտեմբեր 2018-ին անձնապէս Պոլիս մեկնեցայ զինք անգամ մը եւս տեսնելու համար, եւ դեկտեմբեր 2019-ին Լոնտոնի մէջ Թուրքիոյ հետ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ վեհաժողովի նախաձեռնութիւնը կատարեցի»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+