Արեւմտահայերէնի հիմնախնդիրը Հայաստանի մէջ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

21 Ağustos 2020  

Արեւմտահայերէնի հիմնախնդիրը Հայաստանի մէջ -

Արեւմտահայերէնի հիմնախնդիրը Հայաստանի մէջ Արեւմտահայերէնի հիմնախնդիրը Հայաստանի մէջ

Սուրիական պատերազմի ինը տարիներու ընթացքին այնտեղ բնակուող հայերուն մեծամասնութիւնը լքեց երկիրը եւ բռնեց գաղթի ճանապարհը։ Պատերազմը մեծ հարուած հասցուց նաեւ արեւմտահայ մշակոյթին ։ Այն Սուրիահայերը, որոնք հաստատուեցան Գանատա, Աւստրալիա, ԱՄՆ կամ Եւրոպա, այժմ կեցած են իրենց բնօրրաններէն բերած եւ պահպանած մշակոյթը կորսնցնելու վերահաս խնդրին առջեւ։ Անոնք, որոնք հայրենադարձուեցան բնականաբար հայ մնալ-չմնալու խնդիր չունին, սակայն անոնք նոյնպէս արեւմտահայ մշակութային առանձնահատկութիւնները կորսնցնելու խնդրի առջեւ են։

Արիւնալի պատերազմէն առաջ, Սուրիան,որպէս միջինարեւելեան բարեբեր արաբական երկիր արեւմտահայ մշակոյթի կենդրոն մըն էր։ 2005 թուականին հրապարակուած տուեալներու համաձայն Սուրիա կը բնակէին մօտ 80,000 հայեր. Եւ անոնք կեդրոնացած էին մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքին մէջ։ Հալէպի մէջ ձեւաւորուած էր մայր գաղութ։ Ցեղասպանութենեն փրկուած հայերու սերունդները բարենպաստ միջավայրի մէջ ձեւաւորուած էին ինքնաբաւ, անկաշկանդ, ազգային կեանք։ Անոնք կրցած էին ստեղծել փակ համայնք մը, ուր հիմնած էին դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ մշակութաին կեդրոններ։ Հայերու հասարակական-մշակութային շփումները տեղի կ՚ունենային անտեսանելի, բայց ամուր փակուած համայնքին սահմաններուն մէջ։ Տնտեսական գետնի վրայ պատկերը այլ էր։ Հայերը ունէին լաւ համբաւ եւ ամենօրեայ արդիւնաւետ շփումներ տեղացի, ոչ հայ հասարակութեան հետ։ Անոնք քաղաքի տնտեսութեան փոքր, բայց անբաժանելի մասը կը կազմէին ։

Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը անցած տարիներու ընթացքին կրցան միջինարեւելեան նոր շունչ հաղորդել յատկապէս Երեւան քաղաքին։ Հայաստանի փախստականներու ՄԱԿ-ի գրասենեակի տուեալներուն համաձայն՝ 2012-2018 թուականներուն Հայաստան ժամանած է շուրջ 22,000 սուրիահայ։ Անոնցմէ այժմ 15,000-ը կը շարունակէ ապրիլ երկրին մէջ։ Անոնք, որոնք չհեռացան, իրենց հետ բերին Սուրիոյ կեանքի եւ արեւմտահայ մշակոյթի շատ մը երեւոյթներ եւ զանոնք վերակենդանացուցին Հայաստանի մէջ։ Ամենէն տեսանելի նորամուծութիւնը կապուած է արեւմտահայ խոհանոցի մշակոյթին հետ։ Սուրիահայերը իրենց կեանքը չէին պատկերացնէր առանց իրենց համար սովորական կերակուրներու, հետեւաբար սննդի մատակարարման նոր տնտեսութիւն ստեղծեցին։ Սուրիական խոհանոցը այժմ դարձած է Հայաստանի սննդի մշակոյթի հիմնական մասը։ Այն կը սպասարկէ, ոչ միայն սուրիահայերուն եւ զբօսաշրջիկներուն, այլեւ տեղացի հայերուն։

Եթէ Սուրիայէն ներմուծուած խոհանոցային մշակոյթը ապացուցեց իր անուրանալի կենսունակութիւնը, ապա արեւմտահայերէնը ենթարկուեցաւ նոր մարտահրաւերներու։ Արեւմտահայ մշակոյթի հիմնաքարը հանդիսացող. արեւմտահայերէնը չ՚արժանացաւ անհրաժեշտ ուշադրութեան։

Հալէպի հայ համայնքը այն քիչերէն էր, ուր հասարակութեան գերակշռող մեծամասնութեան խօսակցական լեզուն արեւմտահայերէնն էր։ Այն ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան կողմէ ընդգրկուած է վտանգուած լեզուներու շարքին։ Անցած քսան տարիներու ընթացքին, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ եղած տարբեր ճգնաժամերու պատճառաւ արեւմտահայերէնը նահանջ արձանագրած է։ 2003 թ. Իրաքի պատերազմէն ետք այնտեղի համայնքը հայաթափուեցաւ։ Յորդանանի, Երուսաղէմի, Եգիպտոսի, հայ համայնքները արդեն անխուսափելի ձուլման կամ արտագաղթի ճանապարհը բռնած էին։ 2011-ին վրայ հասաւ սուրիական ճգնաժամը, իսկ այժմ ծանր վիճակի մէջ յայտնուած Լիբանանի Հայ համայնք, երկրին մէջ առկայ բազմաշերտ եւ բազմաբնոյթ ճգնաժամին պատճառով։

Նկատի ունենալով վերը շարադրուած ծանր իրավիճակը, յայտնուած ենք լուրջ եւ ծաւալուն հարցի մը առջեւ՝ առաջիկայ տասնամեակներու ընթացքին ո՞վ կրնայ երաշխաւորել արեւմտահայերէնի գոյատեւումը։

Հայաստան ապրող սուրիահայերու օրինակը կը ցոյց կու տայ, որ առանց պետական միջամտութեան, դժուար թէ այս հարցը լուծում գտնէ։ Այժմ հայաստաբնակ սուրիահայերուն երիտասարդ սերունդը, որ Հայաստանի մէջ ուսում ստացած է համեմատաբար աւելի շաղուած է հասարակութեան մէջ։ Անոնք իրենց երեցներէն աւելի լաւ արեւելահայերէն կը խօսին, աւելի շատ տեղացի ընկերներ ունին։ Սակայն, պէտք է նշել, որ միաձուլման կամ համարկման այս դրական ընթացքը միաժամանակ արեւմտահայերէնի աստիճանական կորուստի արտահայտութիւնն է։

Ցաւօք առաջին անգամը չէ, որ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը պահպանելու հիմնախնդրին առջեւ կը յայտնուինք։ 1940-ական թուականներուն մօտ 90,000 արեւմտահայ հայրենադարձուեցան։ Անոնք եւս իրենց հետ բերին իրենց մշակոյթը։ Այսօր անոնց յաջորդած սերունդները գրեթէ չեն տարբերուիր հասարակութեան մէջ։ Հիմնական պատճառն այն է, որ խորհրդային տարիներուն ներմուծուած իւրայատուկ մշակոյթը պահպանելու մարտավարութիւն չկար։

Այսօր ալ նոյն խնդիրն է դրուած մեր առջեւ, սակայն որոշակի տարբերութեամբ։ Հայաստանը անկախ եւ ինքնիշխան Հանրապետութիւն է։ Ուստի ՀՀ ղեկավարութիւնը եւ սփիւռքի կառոյցները արեւմտահայ ինքնութեան այս երանգը պահպանելու բոլոր հնարաւորութիւնները ունի։ Համապատասխան ռազմավարութիւն մը մշակելով, ոչ միայն սուրիահայերու լեզուի խնդիրը կը լուծուի, այլեւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերու ներգաղթի քաջալերող գործօն մը կ՚ըլլայ։ Եթէ այս ամենը իրականանան ժամանակի ընթացքին, մեր փոքր հայրենիքը կ՚ունենայ բազմազան հասարակութիւն մը օժտուած հայկական ինքնութեան տարբեր երանգներով։


Արմենակ Թոքմաճեան






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+