Զօրակցինք Լիբանանի Մեր Հայրենակիցներուն -
Զօրակցինք Լիբանանի Մեր Հայրենակիցներուն
Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումը, իր աւերիչ հետեւանքներով, ծանր վնասներու ենթարկած է նաեւ հայահոծ շրջանները՝ խլելով մարդկային կեանքեր ու յառաջացնելով բազ-մաթիւ վիրաւորներ: Մեծ վնասներ կրած են մեր հայրենակիցներու բնակարանները, վաճառատուները, ազգային, միութենական, կրթական, բարեսիրական ու եկեղեցական կա-ռոյցները:
Ըստ մեր քաղած նորագոյն տեղեկութիւններուն` համայնքի կեդրոնական հաստատու-թիւնները, կուսակցական, միութենական եւ մամուլի գրասենեակները իրենց ընթացիկ աշխատանքները շարունակելու համար վերանորոգուելու անհրաժեշտութեան տակ կը գտնուին:
Ահաւոր պայթումը եկաւ յաջորդելու Լիբանանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն ստեղ-ծուած տնտեսական անյաղթահարելի ճգնաժամին, որուն համար Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ գաղութի ազգային ու միութենական մարմինները, պիւտճէական իրենց դժուարութեանց մէջ եւ ներքին հանգանակութեամբ, միասնաբար գոյացուցած էին 10.000 եւրոյի գումար մը, իբրեւ նպաստի խորհրդանշական դոյզն արտայայտութիւն:
Պայթումէն առաւել եւս խորացած տնտեսական ճգնաժամի ներկայ սահմռկեցուցիչ պայմաններու մէջ, ամէն մէկ հայու մարդկային եւ ազգային անյետաձգելի նուազագոյն պարտքը նկատելով Լիբանանի հայագաղութին օգնելու հրամայականը, որոշեցինք ժողովրդային հանգանակութեան ձեռնարկել եւ սրտագին կոչով մը դիմել մեր հայրենակիցներուն, բոլոր ազգայիններուն, որ սրտաբուխ մասնակցին այս դրամահաւաքին ստորեւ նշուած դրա-մատնային հաշիւներու միջոցաւ:
Εθνική: IBAN GR1801101840000018429600283
Alpha Bank: IBAN GR0201401140114002002005300
Πειραιώς: IBANGR2801720420005042068319229
Կատարուած ամէն նուիրատուութիւն ազնիւ ներդրում եւ նեցուկ մը պիտի ըլլայ Լիբանա-նի մեր հայրենակիցներուն համար:
Սիրելի հայրենակիցներ,
Լիբանանի ողբերգութիւնը մեծ է, որմէ անմասն չէ Լիբանանի մեր գաղութը: Ահա թէ ինչու համահայկական զօրաշարժը օրահրաման է:
Յունահայոց Ազգային վարչութիւն
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութիւն
Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւն
Համազգայինի Շրջանային վարչութիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւն
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւն
Bu haber azator kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com