​«Մեր Հայեր» Հարթակի Ներկայացուցիչներուն Մամլոյ Ասուլիսը - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

21 Ağustos 2020  

​«Մեր Հայեր» Հարթակի Ներկայացուցիչներուն Մամլոյ Ասուլիսը -

​«Մեր Հայեր» Հարթակի Ներկայացուցիչներուն Մամլոյ Ասուլիսը ​«Մեր Հայեր» Հարթակի Ներկայացուցիչներուն Մամլոյ Ասուլիսը

«Մեր հայեր» հարթակի ներկայացուցիչները երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այսպէս, մամլոյ ասուլիսի ատենախօսներն էին՝ Նաժտա Շատեան, Նաթալի Ճեպէճի, Յովհաննէս Եանճը, Արաս Ալաքուշ եւ Արեւ Ճեպէճի։

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ մեր համայնքէն ներս ծնունդ առած եւ առաջին հերթին ընկերային զօրակցութեան հետամուտ հարթակ մըն է այս մէկը։ Վերջին շրջանին «Մեր հայեր»ը նախաձեռնած էր նաեւ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպել խրախճանք մը։ Նոյնպէս համաճարակի հետեւանքով այդ ձեռնարկը ակամայ յետաձգուած էր։ Նկատի ունենալով, որ իր գործունէութիւնը համայնքէն ներս որոշ արձագանգ մը ստեղծած է, «Մեր հայեր» հարթակը որոշած է մամլոյ ասուլիսով մը յաչս հանրային կարծիքին բիւրեղացնել իր նպատակները եւ թիրախաւորած առանցքները։

Երէկուան ասուլիսի ընթացքին հարթակի ներկայացուցիչները արտայայտուեցան այն կարգախօսով, թէ «Լաւութիւնը վարակիչ է»։ Ընկերային ցանցերու վրայ տարուած աշխատանքին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու առընթեր «Մեր հայեր»ու անդամները կանգ առին մանուկներու եւ ընտանիքներու համար տարուած աշխատանքներուն վրայ։ Մօտալուտ վերամուտի սեմին եւս հարթակը օժանդակութեան ծրագրերը ուշադրութեան ենթակայ կը պահէ։ Ըստ ասուլիսի ատենախօսներուն կողմէ փոխանցուած տուեալներուն, ցայսօր բազմահազար ընտանիքներ օգտուած են ծրագրերէն։
«Մեր հայեր» հարթակը համայնքին ուղղեալ այս ծրագրերը կ՚իրականացնէ՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ համագործակցութեամբ եւ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի խրախուսանքով։ Յառաջիկային ալ համապատասխան բնոյթով աշխատանքները պիտի շարունակուին եւ հարթակը կը ջանայ նաեւ օգտուիլ մեր համայնքի այն անհատներէն, որոնք նոյնանման զգայնութիւններ կը բաժնեն։ Մամլոյ ասուլիսի ատենախօսները ցաւով անդրադարձան, որ «Մեր հայեր» հարթակի պարագային կը կատարուին պիտակաւորումներ։

Համաճարակի շրջանին հարթակը օժանդակութիւններ փութացուցած էր բոլորին, առանց խտրականութեան՝ հաշուի առնելով փողոց դուրս գալու արգելքները։ Իսկ յառաջիկայ շրջանին հարթակը կը ծրագրէ բուն կարիքաւորները ստուգել եւ անոնց օժանդակութիւն ցուցաբերել՝ միշտ համագործակցելով քաղաքապետարանին հետ։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+