Աղէտարար Պայթումէն Ետք Կամ Ինչպիսի Ճակատագիր Կը Սպասէ Լիբանանահայութեան - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

20 Ağustos 2020  

Աղէտարար Պայթումէն Ետք Կամ Ինչպիսի Ճակատագիր Կը Սպասէ Լիբանանահայութեան -

Աղէտարար Պայթումէն Ետք Կամ Ինչպիսի Ճակատագիր Կը Սպասէ Լիբանանահայութեան Աղէտարար Պայթումէն Ետք Կամ Ինչպիսի Ճակատագիր Կը Սպասէ Լիբանանահայութեան

Ինչ հուն պիտի առնէ լիբանանահայութեան ապագան եւ արդեօք համայն հայութեան համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող Լիբանանը պիտի հայաթափուի։

Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահռելի եւ նոյնիսկ ահասարսուռ պայթումէն երկու շաբաթ անց երկրին մէջ տակաւին վէրքը «տաք» է ու նոյն վիճակին մէջ է լիբանանահայ համայնքը բոլոր առումներով։

Մարդիկ առկայ վիճակը կը դիտարկեն, բացուած «վէրքեր»ուն կը ծանօթանան, որոնց կողքին կայ հաւաքական-ընդհանրական ճիգ մը, որուն մէջ իրենց ձեռքերը դրած են բոլոր-բոլորը։ Լիբանանի հետ բարեկամական կապեր ունեցող երկիրները, գուցէ բոլորը անխտիր իրենց թեւերը սոտթելով «խառնուած» են այդ երկիրը վերականգնելու ամեհի ճիգերուն մէջ ու այդ յարաբերակցութեամբ ալ կարեւոր տեղաշարժ մը կայ նաեւ հայկական ճակատին վրայ։

Սկսեալ Երեւանէն, անցնելով հեռաւոր Ամերիկաներ եւ հասնելով մինչեւ հայութիւնը՝ իր մկանները լարած է փութալու համար օգնութեան։

Նոյն օրակարգին առումով կարեւոր քննարկումներ կ՚ընթանան՝ մասնաւորապէս պէյրութահայութեան ապագային կապակցութեամբ։ Թէեւ յաճախ մէկդի կը դրուին դէպի Հայաստան գալու կամ առհասարակ գաղութը լքելու եւ հեռանալու որեւէ որոշում, որ անհատական վճիռ մըն է։

Բացուած վէրքը մեծ է, շատ մեծ ու հասկնալի է նաեւ, որ այսօր ստեղծուած դրութիւնը իր ազդեցութիւնները պիտի ունենայ ապագայի գործընթացներուն վրայ։

Ամէն պարագայի այս առումով եւ իմանալու համար, թէ ինչպիսին էր Պէյրութը մեծ պայթումին յաջորդող ժամերուն, զրուցեցի պէյրութահայ Սէրլի Սամուէլեանին հետ, որ հրաշքով փրկուած էր այդ աղէտարար պայթումէն։

*

-Ո՞ւր էիք պայթումի պահուն եւ առաջին անդրադարձը ինչպիսի՞ն էր, ի՞նչ զգացիք եւ ի՞նչպէս շարժեցաք։

-Պայթումի պահուն նաւահանգիստի մօտակայքի Մար Մխայէլ շրջանին մէջ էի, կ՚երթայի օդակայան, դիմաւորելու համար քոյրս, որ կը վերադառնար Հայաստանէն: Մար Մխայէլը երկու վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Պէյրութի նաւահանգիստէն, տասն վայրկեան քալելով: Նախքան պայթումը՝ լսեցի զօրաւոր ձայներ, բայց կարծեցի կրակոցի ձայներ են: Շուրջս ամէն մարդ կը նայէր երկինք, ուրկէ զօրաւոր մոխրագոյն ծուխ կը բարձրանար եւ ես ինծի սկսայ հայց տալ, թէ ի՞նչ կը պատահի: Մօտաւորապէս 10-20 երկվայրկեան ապշած մնացի, դարձեալ զօրաւոր պայթումի մը ձայն լսուեցաւ, անմիջապէս երկինք նայեցայ եւ տեսայ մոխրագոյն ծուխը, ականջս ճնշուեցաւ գրեթէ տասն երկվայրկեան, դիմացս նայեցայ... բոլոր խանութները փլատակ, մարդիկ կը փորձէին պահուըտիլ քարերուն տակ:

Առաջին մտածումս եղաւ. իջնե՞մ ինքնաշարժէն, թէ՞ մնամ, նորէն պայթում պիտի ըլլա՞յ կամ այս եղածը արդէն վերջինն էր... Երբ տեսայ, թէ ժողովուրդը կը փախչի, առի քրոջս համար վերցուցած ծաղկեփունջը, պայուսակս եւ իջայ ինքնաշարժէն: Առաջին առթիւ լսեցի կնոջ մը պոռչտուքը. «Աղջիկս կ՚ուզեմ, ո՞ւր է աղջիկս»: Այդ վայրկեանին ինքզինքս առանձին զգացի, կարծես բոլոր սիրելիներս զիս ձգած ու գացած էին այս աշխարհէն: Չորս կողմս նայեցայ, բոլոր ինքնաշարժներուն ապակիները փշրուած կամ ճաթած էին, իսկ շէնքերը՝ փլատակ, ամէն կողմէ պոռչտուքներ, բացագանչութիւններ եւ լացի ձայներ կը լսուէին: Աջ կողմս տարիքոտ մարդ մը արիւնլուայ կը կաղար, իսկ ձախ կողմս երիտասարդ աղջիկներ արիւնլուայ կու լային ու կը պոռային, ուրիշներ իրենց վիրաւոր ընկերները շալկած կը փորձէին հիւանդանոց հասցնել: Մթերքի խանութի բանջարեղէնները գետին ինկած էին՝ ձմերուկները կիսուած, խնձորները գլտորած ճամբայ հասած: Ես լալով սկսայ վազել, միայն մտածելով ինքզինքս ազատելու եւ այդ թաղէն դուրս գալու մասին:

-Ի՞նչ ազդեցութիւն ձգեց այս պայթումը քու հոգեբանութեան եւ միջավարիդ վրայ:

-Պայթումէն ետք երբ տուն վերադարձայ, դեռ ցնցումի մէջ էի, չէի հաւատար, թէ ինչպէս ողջ ու առողջ դուրս ելայ այդ շրջանէն: 4 օգոստոս 2020, ժամը 6:07-էն անցած է տասն օր, բայց դեռ վախ ու յուսահատութիւն կայ մէջս: Երկու օր անքուն մնացի ու երրորդ գիշերը հազիւ կարողացայ աչքերս փակել ու քնանալ, կէս գիշերին՝ առաւօտեան ժամը 4:00-ին մղձաւանջ մը ունեցայ. երազիս մէջ պայթումի պահերը տեսայ… անքուն մնացի:

Լիբանանցին 4 օգոստոս 2020-էն առաջ շատ աւելի տարբեր էր, այս թուականէն ետք՝ տարբեր: Ամէն մարդու մէջ ծնաւ վախ մը, որ անկարելի է մոռնայ կամ անկէ բուժուի: Օրինակ ես՝ նոյնիսկ պայթումէն օրեր ետք, շատ մեծ վախ ունիմ այդ շրջանը երթալու կամ հոնկէ անցնելու: Շատ դժուար է առանձինն մնալ կամ մինակ տեղ մը նստիլ: Ամէն անգամ որ առանձին կը մնամ, կը սկսիմ երեւակայել եւ վերյիշել այդ տեսարանները: Եթէ մէկը բարձր ձայնով խօսի կամ հեռատեսիլ-ձայնասփիւռ բանայ՝ նեղութիւն կը զգամ: Սկսայ նոյնիսկ անգիտակցաբար տարականոն վարուելակերպ ունենալ չորս կողմիններուս հետ:

-Կ՚ըսուի, որ այս պայթումը քաղաքական, ընկերային ապահովական նոր շրջան մը պիտի բանայ Լիբանանի համար, դուք ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին:

-Այս ահաւոր պայթումէն ետք ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդը աւելի ուժեղ ձեւով այս կառավարութեան դէմ ելաւ: Արդէն չորս օր յետոյ, հազարաւոր քաղաքացիներ ցոյցի իջան մայրաքաղաքին մէջ: Այս վիճակը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ երկրի քաղաքական վերնախաւը ամբողջութեամբ հեռանայ եւ քաղաքական գործիչներ հրաժարին... Իսկ երբ բոլորը հրաժարին, նոր ընտրութիւններ պիտի ըլլան եւ ժողովուրդի ջանքերով պիտի փոխուի երկրին վիճակը: Գալով ապահովական դրութեան, ապա իմ կարծիքով այն պիտի մնայ անկայուն: Ամենէն պարզ օրինակը՝ պայթումէն ետք շատ մը տուներ եւ խանութներ մնացին առանց ապակիներու եւ դռներու, որուն առ ի հետեւանք, արձանագրուեցան բազմաթիւ գողութեան դէպքեր։

-Այս պայթումի ընթացքին Լիբանանի քաղաքացիներուն վերաբերմունքը ինչպէ՞ս էր իրարու հանդէպ: Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ երեւոյթը:

-Այս դէպքէն ետք ամբողջ ժողովուրդը իրարու աջակցեցաւ, իրարու օգնեցին, միասնաբար Պէյրութը վերականգնելու յոյսով: Երիտասարդութիւնը՝ տարբեր կրօնի, ուսման մակարդակի, տնտեսական դասակարգի, այսինքն բոլոր խաւերը, աւելներ, սրբիչներ եւ ակիշներ առնելով իջան փողոց, վնասուած շրջանները եւ ծանօթ-անծանօթի վնասուած տուները մաքրելու եւ կոկելու: Անոնք նաեւ ժողովուրդէն բխած նուիրատուութիւններ հաւաքեցին: Լիբանանի մէջ, դժբախտաբար, միայն քաղաքացին է, որ կը հասնի իր եղբայր-քոյր քաղաքացիին: Ճամբան ոեւէ կառավարական պաշտօնեայ չտեսանք, ոչ ալ՝ ղեկավարներու կողմէ դրամական աջակցութիւն:

-Այս դէպքը լիբանանահայութեան համար ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ, ի՞նչ նոր ընթացքներ կրնայ ըլլալ լիբանանահայութեան համար՝ ապագայի առումով:

-Լիբանանահայութիւնը, նախքան այս ահաւոր պայթումը, արդէն հասած էր յուսահատութեան գագաթնակէտին: Յեղափոխութիւն, դրամատուներու արգելափակում, ահռելի սղաճ եւ անգործութիւն, մեր առօրեայ կենաքի մէկ մասն էր: Իսկ այս պայթումը մեր ապրած վերջին ցնցումն էր:

Ինքնաշարժս Մար Մխայէլ էր, օտարներ ինծի հասցուցին Պուրճ Համուտ՝ հայութեան կեդրոն: Վիճակը ցաւալի եւ ահաւոր էր, գետինը միայն ապակիներ կը տեսնէինք, ինքնաշարժ քշելը անկարելի էր: Հայ տղաքը կեդրոններուն առջեւ պատրաստ էին՝ ինքնաշարժներով կամ մոթորսիքլեթներով, վիրաւորները հիւանդանոց հասցնելու համար: Խանութներուն դռները, տուներու ու ճաշարաններու ապակիները վնասուած էին: Մարդիկ նոյնիսկ ստիպուած գիշերը իրենց խանութներուն առջեւ արթուն մնացին, որովհետեւ առանց դուռի ու ապակիի մնացած էին:

Լիբանանահայութիւնը սփիւռքի հիմնական, աշխոյժ եւ հայրենիքի կողքին եղող մասնիկն է: Այսօր մահաքունի մէջ է: Այլեւս հայը անկարող է հանգիստ ապրիլ այս երկրին մէջ: Բոլոր այն անձերը, որոնք կարողութիւն ունին, որոշած են գաղթել դէպի Հայաստան: Երբ բարեկամի մը հետ խօսիմ, նոյն խօսքերը կը լսեմ. «Հոս բան մը չմնաց, պէտք է ելլենք այս երկրէն»։ Այլ խօսքով՝ լիբանանահայութեան կարեւոր մէկ խաւին մօտ երկիրը լքելու լուրջ միտումներ կան։

Պէտք է շեշտել նաեւ, որ «Զոքաք էլ Պլաթ»ի, Հայաշէնի եւ Հաճընի հայութիւնն ալ կրեց ահաւոր կորուստներ: Քանդուեցան տուներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, որոնց վերաշինութեան համար սփիւռքը արդէն իր աջակցութիւնը կը բերէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ








Bu haber Jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+