Պայթումէն Ետք Կամ Վաղուան Պէյրութը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

06 Ağustos 2020  

Պայթումէն Ետք Կամ Վաղուան Պէյրութը -

Պայթումէն Ետք Կամ Վաղուան Պէյրութը Պայթումէն Ետք Կամ Վաղուան Պէյրութը

Պէյրութը տակաւին ընդհանուր շոքի մը փուլին մէջ է։ Ցաւը մեծ է, Լիբանանի կառավարութիւնը բաւական տկար կը մնայ, իսկ գետնի վրայ առկայ ողբերգական պատկերը կարիք ունի շատ մեծ ճիգերու։ Ինչ խօսք՝ լիբանանցիներուն համար, որոնք նմանատիպ, սակայն, ոչ այս պայթումին նման, դէպքերու ականատես եղած են, նման վիճակներէ դուրս գալու կամքը եւ վճռակամութիւնը անոնց համար նորութիւն չեն։

Նորութիւն չէ, երբ քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ բեռը թօթափելով երկուքի բաժնուած Պէյրութը իր երկու ձեռքերը նորէն իրար միացուց...

Նորութիւն չէ, որովհետեւ հազար տեսակ թշնամիի եւ օտարական բանակի առջեւ իր գլուխը հակած արաբական եզերքի միտքի ու լոյսի այդ քաղաքը կարողացաւ սպիացնել ամէն տեսակի վէրքերը ու յոյսով նայիլ մեր աշխարհին։ Ու երբեք նորութիւն մը չէր, երբ պայթումներու, ահաբեկչական արարքներու, ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմը դարձած երբեմնի «Արեւելքի Փարիզ»ը նորէն խօսեցաւ խաղաղութեան լեզուով։ Մեր աշխարհին կ՚ըսեմ, սակայն, կ՚ուզեմ տեղ մը բացատրուիլ, տեղ մը հասկցուիլ՝ որ Պէյրութը ինքը ամբողջ աշխարհ մըն է։

Մեծ միտքի, մեծ յոյսի, մեծ լուսաւորութեան, մեծ տաղանդի ու մանաւանդ մեծ հիւրասիրութեան Պէյրութը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միացման կէտն է, ուր բոլոր ովասիսներուն շուրջ եւ բոլոր ջուրերուն վրայ հեռու-հեռուներէն Արեւմուտքի հովերը կու գան խօսելու համար՝ Արեւելքի շատ հին-հինէն միտքին ու խիղճին համար։

Գեղեցիկ ու առաքելաշունչ դրուածքով մը Հռոմի Յովհաննէս-Պօղոս լուսահոգի պապը Լիբանանը համարած էր ո՛չ թէ սոսկական երկիր, այլեւ՝ առաքելութիւն։

Նոյն երանգով խօսած էր հայոց գիրի անմոռանալի վարպետներէն Հրանդ Մատթէոսեանը, որու հետ այս տողերը գրողը առիթով մը իր բերնէն լսած էր շատ պարզ ու ոսկեայ բառերով նկարագրուած վկայութիւն մը. «Պէյրութը Արեւմուտքի եւ Արեւելքի սիրահետման կէտն է, նրանք, այդ ուժերը էնտեղ ե՛ւ կը բախին, ե՛ւ կը սիրեն զիրար...»։

Ճիշդ է՝ քաղաքական վերլուծութեան սիւնակի սահմաններէն դուրս եկայ պահ մը, բայց Պէյրութի մասին գրել՝ առանց բանաստեղծութեան խորհուրդը չկիրառարելու անհնարին է ու շատ դժուար։

Պէյրութը ոսկիով չէ, որ կը կշռուի։ Ան չունի հզօր ճարտարարուեստ, չունի տնտեսական մեծ ամրոցներ, չունի տարերային զէնք ու զինամթերք եւ այսօր չունի նաեւ դրամ ու պարէն։

Թերեւս ոչինչ ունի, բայց ունի ոգի. այն ոգին, որ կը պահէ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ «շարմ»ն ու մեծ պայքարը, մեծ թեքերումներն ու մարդկային մեծ տրոփները։ Պէյրութը ունի մարդկային ոգի, մարդկային շունչ եւ բարին ու սպիտակը լոյսի վերածող անկոտրում կամք։

Թերեւս բոլոր այս առիթները կրնան սպառած ըլլալ, թերեւս մեր կարմիր սրտերուն մէջ բնակած յոյսը հասած է իր վերջին շունչին, սակայն մէկ է՝ Պէյրութը պիտի ապրի...

Քաղաքակրթութիւնները կրնան ճակատիլ, «պաղ պատերազմ»ները կրնան կրկնուիլ, Արեւմուտքը կրնայ նորէն հարուածել հազար ու մի գիշերներու խորհուրդը իր աչքերուն մէջ պահած Արեւելքի բոլոր հաւատացեալները... Բայց Պէյրութը պիտի ապրի։ Իսկ այն ինչ, որ կատարուեցաւ երեքշաբթի, քաղաքակրթութիւններու մեծ բախման հերթական «հանդիպում»ն է. հանդիպում, որ իր հետ բերաւ արիւն եւ ցաւ, հանդիպում, որ բզիկ-բզիկ ըրաւ իմ ծննդավայրիս փողոցներն ու թաղամասերը... սակայն, այդ չէ էականը, որովհետեւ այս «հերթական» դարձած հանդիպումէն ետք ալ նոյն Արեւմուտքը եւ նոյն խոհուն Արեւելքը պիտի հասկնան, որ անհնար է կերտել նոր աշխարհ մը առանց այս Պէյրութին, առանց հին Պէյրութին ու մանաւանդ այն Պէյրութին, որ վաղը նորէն պիտի ծաղկի...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+