Պայքարի Շրջան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

06 Ağustos 2020  

Պայքարի Շրջան -

Պայքարի Շրջան Պայքարի Շրջան

Պէյրութի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած ահաւոր պայթումը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ։ Հայաշխարհի ուշադրութիւնն ալ ամբողջութեամբ կեդրոնացած է այս դէպքին վրայ՝ մինչ տակաւին ողբերգական երեսակները կը բացայայտուին։ Սա կ՚ենթադրէ պայքարի շրջան մը թէ՛ ընդհանրապէս Լիբանանի եւ թէ տեղւոյն հայութան տեսակէտէ։

Ըստ վերջին տուեալներուն, Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհուած հայերու թիւը բարձրացաւ 11-ի։ Ընդհանրապէս պայթումի հետեւանքով մահացածներու թիւը հարիւրէ շատ աւելի բարձր է, իսկ հազարաւոր վիրաւորեալներու մասին կը հաղորդեն բոլոր աղբիւրները։ Լիբանանի պատկան մարմինները հարցաքննութեան ձեռնարկած են այս պայթումի հաւանական պատճառները ճշդելու համար։ Թէեւ հինգ օրուան ժամանակաշրջան մը նախատեսուած է հարցաքննութեան աւարտին համար, սակայն ըստ այժմու տուեալներուն, նաւահանգիստի պայթումը պատահած է քիմիական նիւթերու պահեստի նկատմամբ անփութութեան հետեւանքով։ Պատկան մարմիններ վաղուց զգուշացուցած են կանոններու խախտումի մասին, սակայն ոչինչ կատարուած է։ Նաւահանգիստի ղեկավարութիւնը տեղեկացուցած է, որ քիմիական այդ դիւրավառ մեծաքանակ նիւթերը դատական որոշումով ի պահ դրուած են այնտեղ։ Լիբանանի Ներքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ այդ նիւթերը 2014 թուականէն ի վեր այնտեղ կը գտնուին։ Այս բոլորէն վերջ ահաւոր վիճակի մը մատնուած է Լիբանանը։ Պայթումին հասցուցած վտանգի հետեւանքները կ՚արժեն շուրջ 5 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Ծանր մարտահրաւէրի մթնոլորտին մէջ երկիրը միջազգային հանրութեան անմիջական զօրակցութեան կարիքը կը զգայ։ Այսօր Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն զօրակցութեան այցելութեան կը փութայ Պէյրութ։ Երկրի ղեկավարի այս խորհրդանշական քայլին առընթեր Ֆրանսա օժանդակութիւն ալ կ՚իրականացնէ ի նպաստ Լիբանանին։ Օժանդակութիւն փութացնող երկիրներու շարքին է նաեւ Ռուսաստան, ուրկէ արդէն երրորդ բեռնատար օդանաւը հասած է Պէյրութ։

Այս ընդհանուր համայնապատկերին վրայ հայ իրականութենէն ներս բառին բուն իմաստով զգայնութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած է լիբանանահայութեան ի նպաստ։ Աշխարհի չորս ծագերուն հայկական շրջանակներու օրակարգը յեղաշրջուած է եւ հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուած է լիբանանահայութիւնը։ Պէյրութի հայաբնակ թաղամասերու կրած մեծ վնասը յաղթահարելու առաջադրութեամբ վճռակամութիւնը անքննելի մակարդակի վրայ է։ Այս իրավիճակին մէջ երէկ շատ մեծ խորհրդանշական իմաստ վերագրուեցաւ հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղի՝ Հենրիխ Մխիթարեանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառման. «Սրտով Պէյրութի մեր հայրենակիցներուն հետ ենք»։

Հարկ է նշել, որ Պէյրութի հայկական թաղամասերու կրած մեծ վնասին զուգահեռ՝ հայկական հաստատութիւններու շէնքերն ալ գրեթէ աւերուած են, ներառեալ թերթերու խմբագրատուները։ Բարեբախտաբար, լիբանանահայ տպագիր մամուլը առանց կաղացման կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ կանոնաւոր թողարկումները։

Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ՝ Պէյրութի պայթումի բոլոր զոհերու յիշատակին։ Այս առթիւ հրապարակի վրայ հաւաքուածները կրեցին Հայաստանի եւ Լիբանանի դրօշակները։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հեռախօսազրոյցներ ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ՝ յայտնելով իրենց զօրակցութիւնը ի նպաստ լիբանանահայութեան։ Նախագահ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցականներ ալ ուղարկեցին Միշել Աունին։ Երեւանի ղեկավարութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ արձագանգեց ստեղծուած ծանր իրավիճակին։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան տեղեկացուցին, որ կը սգան Պէյրութի պայթումի զոհերը։ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ տեղեկացուց, որ Հայաստան պատրաստ է անյապաղ օգնելու Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին։ Կառավարութեան բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան երէկ հաղորդեց, որ Հայաստան որոշած է Լիբանան ուղարկել դեղօրայք, սնունդ, բժշկական սարքաւորումներ եւ այլ պարագաներ։ Սփիւռքի գծով յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գրասենեակը երէկ արդէն աշխատանքի ձեռնարկած էր՝ լիբանանահայութեան առկայ կարիքները հնարաւորինս պարզելու նպատակով։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ Զարեհ Սինանեան արդէն կը մեկնի Պէյրութ։ Երէկ, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանն ալ ցաւակցութիւն յայտնեց Պէյրութի քաղաքապետ Ճեմալ Իթանիին։

Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ձեռնարկուած այս քայլերուն առընթեր սփիւռքի շրջանակներն ալ աշխուժութիւն կը դրսեւորեն այս ծանր պահուն։ Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) աջակցութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան եւ հանդէս եկաւ կոչով մը, որու կարգախօսն է՝ «Միացէ՛ք ՀՕՄ-ին, փրկեցէ՛ք կեանքեր»։

Միւս կողմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ հանգանակութեան ձեռնարկած է՝ լիբանանահայութեան առկայ ծով կարիքներու դիմագրաւումը ապահովելու առաջադրութեամբ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+