Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախար -
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ
03 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար, փոխվարչապետ Զէյնա Աքրին հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է իր գործընկերը` լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով:
Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու զինուած ուժերուն մէջ համաճարակային իրավիճակը, կարծիքներ փոխանակած փոխգործակցելու լրացուցիչ կարելիութիւններուն ստեղծման շուրջ:
Զէյնա Աքր ընդգծած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ստորաբաժանման մասնակցութեան կարեւորութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մէջ, որուն իբրեւ պատասխան` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը վերահաստատած է հայկական կողմին վճռականութիւնը շարունակելու գործը:
Դաւիթ Տօնոյեանն ու Զէյնա Աքրը անդրադարձած են նաեւ շրջանային ռազմաքաղաքական զարգացումներուն եւ երկկողմանի համաձայնագիրներու շրջագիծին մէջ ռազմական համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման անհրաժեշտութեան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com