Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վեհափառ Հայրապետին Ճամբով Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանի Հայութ -
Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վեհափառ Հայրապետին Ճամբով Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանի Հայութեան
Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին:
Վեհափառ հայրապետը վարչապետին ներկայացուց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին եւ յատկապէս պայթումին պատճառով Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերուն կրած վնասներուն մասին:
Ապա, վարչապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկեց, որ այս գծով մնայուն կապի մէջ ըլլայ վեհափառ հայրապետին հետ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com