Բողոքի Ցոյցեր՝ Նիւ Եորքի Եւ Պոսթընի Մէջ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

28 Temmuz 2020  

Բողոքի Ցոյցեր՝ Նիւ Եորքի Եւ Պոսթընի Մէջ -

Բողոքի Ցոյցեր՝ Նիւ Եորքի Եւ Պոսթընի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր՝ Նիւ Եորքի Եւ Պոսթընի Մէջ

«Հայրենիք» Նիւ Եորք, Պոսթըն. Շաբաթավերջը բեղուն եղաւ ամերիկահայ երիտասարդութեան համար, որ ցոյցեր կազմակերպեց՝ յուլիս 12 -էն ի վեր Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծի (յատկապէս Տաւուշ) հայկական դիրքերուն եւ բնակավայրերուն վրայ Ազրպէյճանի կատարած յարձակումներուն դէմ բողոքելով:

Արդարեւ, Նիւ Եորքի մէջ ուրբաթ, 24 յուլիսին ազրպէյճանցի եւ թուրք ցուցարարներ անակնկալ հաւաք մը կազմակերպած էին ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մուտքին: Անոնց դէմ յանդիման եկաւ նիւեորքահայութիւնը՝ պաշտպանելով կառոյցը եւ ետ մղելով խուժան ցուցարարները: Ոստիկանութիւնն ալ վրայ հասնելով, կրցաւ տէր դառնալ կացութեան:

Փոխադարձ, կիրակի, 25 յուլիսին Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի հայութիւնը, իր կարգին խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեց ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան մուտքին: Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հաւաքին մասնակցեցան շուրջ 250 ցուցարարներ: Ներկայ էին պատանիներ, երիտասարդներ եւ նոյնիսկ տարեցներ, ինչպէս նաեւ յոյներ, որոնք իրենց զօրակցութիւնը բերին այս խաղաղ ցոյցին:

Նիւ Եորքի Հայաստանի դեսպանատան մուտքին

Լաւապէս կազմակերպուած այս հաւաքին, խօսք առին ՀԵՄ-ի անդամներ, որոնք բռնօրէն քննադատեցին ազերի բանակին սադրանքն ու կոյր ռմբակոծումները: Ներկայ էր Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, ընկերակցութեամբ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի եւ Նիւ Ճըրզիի հովիւ՝ Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանի:

Աւարտին, «Կիլիկիա» խմբերգով, ցուցարարները հեռացան Ազրպէյճանի դեսպանատունէն:

Միւս կողմէն, Պոսթընի «Հարվըրտ» (Քէյմպրիճ, Մասաչուսէց) համալսարանի մուտքին, չորեքշաբթի, 22 յուլիսին ՀԵՄ-ի շրջանի «Նժդեհ» մասնաճիւղի անդամներ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեցին՝ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը յայտնելով հայոց բանակին, հայ զինուորին եւ սահմանային շրջաններու անմեղ բնակչութեան։

Իսկ շաբաթ, յուլիս 25-ին, Խանասորի արշաւանքին հետքերով, միեւնոյն շրջանին մէջ այս երիտասարդականները, իրենց կողքին ունենալով նաեւ շրջանի ՀՄԸՄ-ականներ, կազմակերպեցին հաւաք մը՝ կատարելով շուրջպար եւ ազգային հայրենասիրական երգեր:

Անոնք իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ազրպէյճանական բանակի հետզհետէ կրկնուող սադրանքին դէմ: Նաեւ ցուցարարները տեղւոյն հանրութեան ուշադրութեան յանձնեցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ Ազրպէյճանի եւ անոր զինակից Թուրքիոյ նենգամիտ, սին եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան խորամանկ ծալքերն ու իրականութիւնը:

Այս երկու հաւաքներուն ալ ներկայ էին ազերի ցուցարարներ, որոնք փորձեցին աղաւաղել եւ ձախողութեան մատնել հաւաքները, սակայն ձախողեցան:




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+