Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարար Մամետեարով Հեռացուեցաւ Պաշտօնէն -
Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարար Մամետեարով Հեռացուեցաւ Պաշտօնէն
նչպէս կ՛ակնկալուէր, Էլմար Մամետեարով Հինգշաբթի օր հեռացուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, ըստ որոնց, այս մասին հրամանագիր ստորագրեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Մամետեարով 2004-էն ի վեր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարն էր:
Յուլիս 15 -ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախարարներու նիստին դժգոհութիւն յայտնած էր արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախարար Էլմար Մամետեարովի աշխատանքէն: Ալիեւ ըսած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին չէ կրցած գտնել Մամետեարովը, որ վարչապետին ըսած է, թէ տունէն կ՛աշխատի:
Ալիեւ ըսած էր հետեւեալը. «Մեր դիւանագիտութիւնը կրնար աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ: Ես բազմիցս նշած եմ, որ մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ յարձակողական, եւ ոչ թէ կրաւորական, պաշտպանողական: Պէտք չէ ըլլայ դիւանագիտութիւն, որ կը վախնայ արտայայտուելէ, որպէսզի բաւարարէ ոեւէ մէկը։ Հակառակ իմ յանձնարարականներուս՝ ես նախարարէն արդիւնք չտեսայ: Դժբախտաբար, վերջերս մեր դիւանագիտութիւնը համատեղելի չէ մեր երկիրի զարգացման յաջողութեան հետ, որոշ պարագաներու անիկա զբաղած է անմիտ աշխատանքով, անմիտ բանակցութիւններով»:
Ըստ Ատրպէյճանի նախագահին՝ մինչ Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ, որ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը լուռ կը մնայ։
Ատրպէյճանի նախագահը աւելցուցած էր, որ Մամետեարով որեւէ կերպով չէ արձագանգած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ Յուլիս 12-ին սկսած իրադարձութիւններուն:
Աւելի ուշ, Ալիեւ արտաքին գործոց նախարար նշանակեց Ճէյհուն Պայրամովը, որ ցարդ երկրին կրթութեան նախարարն էր։
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com