Քիմ Քարտաշեան Կը Քննադատէ Ատրպէյճանը եւ Իր Կողմնակիցներուն Կոչ Կ՛ընէ Աջակցելու Հայաստանին -
Քիմ Քարտաշեան Կը Քննադատէ Ատրպէյճանը եւ Իր Կողմնակիցներուն Կոչ Կ՛ընէ Աջակցելու Հայաստանին
Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան Tweeter-ի իր էջին վրայ քննադատած է Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի դէմ:
«Հակառակ շարունակուող համաշխարհային համավարակին` Ատրպէյճան խախտած է համաշխարհային հրադադար հաստատելու ՄԱԿ-ի կոչը` յարձակումներ գործելով Հայաստանի վրայ: Հայաստանի մէջ քաղաքացիական կառոյցներ թիրախաւորուած է, եւ Ատրպէյճան այժմ սպառնացած է հարուածել Հայաստանի մէջ գտնուող կորիզային ելեկտրակայանը»,- գրած է ան Twitter-ի իր story-ին մէջ:
«Ես իմ հայրենակիցներուս հետ եմ եւ կ՛աղօթեմ անոնց համար, որոնք երկրին մէջ վերջին լարուածութեան ընթացքին սահմանին են: Ես կոչ կ՛ընեմ խաղաղ հանգուցալուծել այս չհրահրուած յարձակումները համավարակի այս` արդէն իսկ բարդ պայմաններուն մէջ»:
Քարտաշեան կը նշէ նաեւ, որ Քոնկրէսը յաջորդ շաբաթ պիտի քննարկէ Ատրպէյճանին սպառազինութիւններու մատակարարումը եւ ռազմական աջակցութիւնը արգելիլու օրինագիծը:
«Կը խնդրեմ ձեր ծերակուտականներուն եւ ներկայացուցիչներուն կոչ ըրէք աջակցելու Հայաստանին»,- գրած է ան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com