Թաթիանա Պոստան Մասնակցեցաւ Իսթանպուլի Ձօնուած Առցանց Եզակի Համերգի Մը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

10 Temmuz 2020  

Թաթիանա Պոստան Մասնակցեցաւ Իսթանպուլի Ձօնուած Առցանց Եզակի Համերգի Մը -

Թաթիանա Պոստան Մասնակցեցաւ Իսթանպուլի Ձօնուած Առցանց Եզակի Համերգի Մը Թաթիանա Պոստան Մասնակցեցաւ Իսթանպուլի Ձօնուած Առցանց Եզակի Համերգի Մը

Թաթիանա Պոստան Մասնակցեցաւ Իսթանպուլի Ձօնուած Առցանց Եզակի Համերգի Մը

Համակրելի մեներգչուհի Թաթիանա Պոստան մասնակցութիւն բերաւ առցանց եզակի ծրագրի մը, որ կը կոչուի՝ «Իսթանպուլի ձայնը. հանդիպում»։ Երէկ երեկոյեան համացանցային միջավայրի մէջ ներկայացուեցաւ այս համերգը, որու ընթացքին հնչած երգերը ձօնուած էին Իսթանպուլին։ Նկատի ունենալով, որ այս քաղաքը հազարաւոր տարիներու պատմութեան ընթացքին զանազան մշակոյթներ հիւրընկալած է եւ այսօր կը շարունակէ այդ բոլորը ապրեցնել՝ երաժշտական այս ծրագիրն ալ ցոլացուց Իսթանպուլի բազմամշակոյթ համայնապատկերը ու բեմի վրայ եզակի տողանցք մը ապահովեց այս առումով։

Իսթանպուլի մէջ կ՚ապրին զանազան լեզուներ, որոնցմով երգեր ձօնուած են այս քաղաքին՝ ցաւերով, յուզումներով, կարօտներով եւ ուրախութիւններով հանդերձ։ Այդ ամբողջի գեղեցիկ մէկ համադրութիւնն էր «Իսթանպուլի ձայնը. հանդիպում» նախագիծը, որով քաղաքին ձօնուած հայերէն երգ մը ներկայացուց Թաթիանա Պոստան։ Ծրագրի գեղարուեստական ղեկավարն էր Ուֆուք Շիմշէք։ Հրեայ համայնքէն երգիչներ Գարէն Կերսոն Շարոն եւ Իզզէթ Պանա, յոյն համայնքէն ալ Եանի Քորտոմէնիտիս մասնակցեցան այս ձեռնարկին։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան Նուագախումբերու տնօրէնութեան նուագողներն ու երգիչները ընկերացան ծրագրի մասնակից մենակատարներուն։

Թաթիանա Պոստան առցանց այս ձեռնարկի ընթացքին հանդէս եկաւ յաջող կատարումով մը։ Իր դիպուկ ձայնով ան յաջողեցաւ երաժշտասէրներուն վրայ գործել խոր տպաւորութիւն, ինչ որ կը ցոլացնէր նաեւ Իսթանպուլ քաղաքի տեղն ու դերը հայկական ինչ-ինչ ապրումներու տեսակէտէ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+