Խորհրդակցութիւն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

08 Temmuz 2020  

Խորհրդակցութիւն -

Խորհրդակցութիւն Խորհրդակցութիւն

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Խորհրդակցութիւնը գլխաւորեց ԹՎՄ-ի փոխ-ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու անձնական պատճառով կը բացակայէր ժողովէն։ Երէկուան դռնփակ խորհրդակցութեան ընթացքին, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան մեր կրթական համակարգի խնդիրները։ Ինչպէս ծանօթ է, վերամուտի ընդառաջ մեր վարժարանները նիւթական շատ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն եւ երէկուան հանդիպման ընթացքին համայնքային վարիչները ամենայն մանրամասնութեամբ հերթական անգամ սեղանի վրայ դրած են առկայ իրադրութիւնը։ ԹՎՄ-ի նախաձեռնութեամբ մասնագէտ ազգայիններ վերջին շրջանին կ՚այցելեն մեր վարժարանները՝ ըստ քաղաքիս զանազան շրջաններու։ Ցայսօր տեղի ունեցած են նման շարք մը այցելութիւններ եւ անոնք պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկային։ Կը նախատեսուի արդիւնքները ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկել՝ մեր վարժարաններու նիւթական խնդիրներու յաղթահարման համար։ Այս աշխատանքը յառաջ կը տարուի համընդգրկուն մօտեցումով մը։ Ստեղծուած իրավիճակին տեսակէտէ կարեւոր դիտարկումներ բաժնած են Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։ Այսպէս, ան շեշտած է, որ մեր ունեւոր վաքըֆներու կողմէ հովանաւորուած դպրոցներու պարագային, ընդհանուր պիւտճէի լոյսին տակ իւրաքանչիւր աշակերտին վիճակած ծախսը կը հասնի 25-30 հազար լիրայի։ Մինչ այդ, կարիքաւոր վաքըֆներու հովանաւորած դպրոցներու պարագային բոլորովին տարբեր պատկեր մը գոյութիւն ունի։ Եսայի Տեմիր մէջբերած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի օրինակը ու շեշտած է, որ այնտեղ իւրաքանչիւր աշակերտի պարագային այդ գումարը իջած է մինչեւ 9 հազար լիրա։ Այս բոլորով հանդերձ, ունեւոր վաքըֆներու կողմէ կատարուած արդիւնաւէտութեան քննադատութիւնները այնքան ալ արդար չեն համարուիր։

Համայնքային վարիչները այս շրջանին որոնումներու մէջ են՝ առանց վարժարանները փակելու կամ միացնելու խնայողութեան ձեւ մը գտնելու համար։ Այս ծիրին մէջ է, որ քաղաքի շրջանային բաժանմունքի հիման վրայ դիտարկումներ կը կատարուի՝ իւրաքանչիւր շրջանին վիճակած դպրոցներու կացութեան շուրջ։ Առաջին հերթին Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան, Գումգաբուի Պէզճեան Մայր, Եշիլգիւղի, Պաքըրգիւղի Տատեան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարաններու պարագային դիտարկումներ կատարուած են՝ զանազան տեսանկիւններէ խոշորացոյցի տակ առնելով անոնց գործունէութիւնը։

Համայնքային վարիչները այս շրջանին ուրիշ խնդրի մը վրայ ալ կ՚աշխատին։ Արդարեւ, համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը կը պատրաստուի ֆիզիքական հեռաւորութեան նոր չափանիշներ սահմանել դասարաններու պարագային։ Ըստ այժմու կանխատեսումներուն, իւրաքանչիւր 4 քառակուսի մեթրին աշակերտ մը պիտի զուգադիպի։ Եթէ այսպիսի կարգադրութիւն մը ըլլայ, ապա սա լուրջ խնդիր պիտի յարուցէ մեր դպրոցներուն տեսակէտէ, որովհետեւ բոլորի պարագային աշակերտութեան թիւի լուրջ նուազում մը պիտի դառնայ անխուսափելի։

Համայնքային վարիչներու ուշադրութեան առարկայ է նաեւ դպրոցներու շէնքերու ֆիզիքական ամրութեան եւ երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան խնդիրը։ Այս մասին կը գործէ կանոնադրութիւն մը եւ այդ հիման վրայ յառաջիկայ շրջանին համագործակցութիւն պիտի ծաւալուի մասնագիտական ընկերութիւններու հետ, որպէսզի անոնք տեղեկագրեր պատրաստեն մեր դպրոցներու ֆիզիքական ամրութեան կացութեան շուրջ։

Միւս կողմէ, ԹՎՄ-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ մեր բոլոր հաստատութիւններու պիւտճէի եւ ելմտական կացութեան վերաբերեալ տուեալներու հաւաքագրման նպատակով ձեռնարկուած աշխատանքը։ Այսպէս, ԹՎՄ միջոցէ մը ի վեր կը փորձէ ունենալ այդ տուեալները՝ ելմտական տեսակէտէ մանրամասն համայնապատկեր մը ունենալու առաջադրութեամբ։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+