​Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ. Հայրապետական Մաղթանք - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

01 Temmuz 2020  

​Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ. Հայրապետական Մաղթանք -

​Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ. Հայրապետական Մաղթանք ​Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ. Հայրապետական Մաղթանք

28 յունիսին 25-ամեակն է Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ընտրութեան ու օծման: Այս առիթով յատուկ ծրագիրներ մշակուած էին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` նշելու ու արժեւորելու վեհափառ հայրապետին 25 տարիներու ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով` հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ ու Հայաստանին: Նոյնպէս հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենային թեմերուն մէջ: Սակայն, նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած կացութիւնը, բոլոր ձեռնարկները յետաձգուեցան:

Հայրապետական Մաղթանք
Մայր Տաճարին Մէջ

Հետեւելով մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան, 28 յունիսին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք` յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագին:

Մաղթանքէն ետք քարոզեց օրուան պատարագիչը` Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, որ իբրեւ բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանի 21-րդ գլուխը, ուր Քրիստոս, յետ յարութեան, առաքեալներուն հետ իր վերջին հանդիպումին ընթացքին Պետրոս առաքեալին երեք անգամ կը հարցնէ եթէ զինք կը սիրէ: Սրբազանը նշեց, որ մարդկային պարզ տրամաբանութեամբ արտայայտուած եւ աշխարհի մէջ գործածուած ամէնէն դիւրին արտայայտութիւնն է «կը սիրեմ»-ը, բայց միաժամանակ կը բովանդակէ գաղափարներու շտեմարան մը, որովհետեւ սիրելու համար պէտք է լսել, վստահիլ, ներել եւ զոհուիլ: Ան նշեց, որ երբ Պետրոս պատասխանած էր` «Տէ՛ր, դուն ամէն ինչ գիտես եւ գիտես, թէ կը սիրեմ քեզ», այն ատեն Քրիստոս հրահանգած էր անոր արածել Իր ոչխարները, իսկ Պետրոս Տիրոջմէ ուղղութիւն խնդրած էր:

Մեղրիկ սրբազան յայտնեց, որ Պետրոս առաքեալին ճամբով քալած են քրիստոնէական ընդհանրական եկեղեցւոյ բոլոր սուրբ հայրերը, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներն ու ծառաները` սկսեալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն: «Երբեմն այդ ճամբան առաջնորդած է դէպի գողգոթա, երբեմն ալ` յարութեան լեռ, երբեմն եղած է ցաւալից ճամբայ, երբեմն ալ` երջանկալից, սակայն միշտ ալ միասին քալած են այդ ճանապարհին ուխտաւոր հայրերը, որոնց կարգին է Արամ Ա. կաթողիկոս», ըսաւ սրբազանը, եւ ընդգծեց, որ 25 տարի առաջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը «Նոր առաքելութեան սեմին» եղաւ, երբ ընտրուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ներկայացնելով հայրապետին կենսագրականը, սրբազանը ըսաւ, որ 1965-ին` Պետրոս սարկաւագ, 1968-ին` Արամ աբեղայ, 1980-ին` Արամ եպիսկոպոս եւ 1995-ին` իբրեւ եպիսկոպոսապետ, Պետրոս առաքեալի աղաչական աղօթքը բարձրացնելով Աստուծոյ` ուխտեց քրիստոնէական հաւատքը կեանքի վերածել եւ իր կեանքը ծառայութեամբ արժեւորել. «Արդարեւ, Արամ վեհափառին համար այս սկզբունքը դարձաւ մնայուն ճիգ եւ կեանքի իտէալ», իսկ վերջին 25 տարիները հպարտութիւն կ’առթեն իւրաքանչիւրիս` շնորհիւ հայրապետին քալած ճամբուն, որ ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի աստուածակեդրոն կեանք` ի խնդիր հոգեւոր արժէքներու կենսագործման, հայակերտման, հայրենակերտման, մարդակերտման:

Մեղրիկ եպս. Բարիքեան նշեց, որ կարելի չէ չնշել կաթողիկոսին անձը` վերջին 25 տարուան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին խօսելով, որովհետեւ անոր շնորհիւ իրականացան բազմաթիւ ծրագիրներ: Ան ըսաւ. «Մշտապէս շեշտեցիք, որ ձեր անձին մասին չխօսուի, այլ` կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ ծառայութեան ընդմէջէն կատարուած աշխատանքին, այլ խօսքով` կաթողիկոսութեան ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը շեշտուի: Բայց բոլորս ալ գիտենք, որ երբ 25 տարիներ առաջ Աստուած «Մարդ մը փնտռեց» (Եզ. 22.30) եւ աստուածային ու երկնաւոր շնորհներով առատացուց, այդ մարդը դո՛ւք էիք, եւ եթէ մենք չտեսնենք այդ մարդը, գլխագի՛ր ՄԱՐԴ-ը, կը նշանակէ, որ կոյր ենք ե՛ւ մտքով ե՛ւ աչքով»:

Պատարագիչը իր քարոզը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ բարձրեալ Աստուած, որ երկար ու իտէալական երազներու կեանք շնորհէ կաթողիկոսին ու անսասան պահէ գահն ու գահակալը:

Ուղերձ Յանուն Միաբանութեան

Սուրբ պատարագէն ետք վեհարանի դահլիճին մէջ միաբան հայրերուն եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ներկայութեան խօսք առաւ Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Յանուն միաբանութեան շնորհաւորելէ յետոյ վեհափառ հայրապետին 25 տարիներու անմնացորդ ծառայութիւնը` եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ան ըսաւ, որ 25 տարի առաջ այս օր վեհափառ հայրապետը կը ստանձնէ 301 թուականին Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն ձեռամբ վառած ջահը, որ ներկայիս կը գտնուի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հայր սուրբը նշեց, որ յառաջիկայ տարի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռը կը բոլորէ իր կեանքին 100-րդ տարին, որուն քառորդ դարը, եւ անթիլիասական գահակալութեան ամէնէն երկարը կը պատկանի Արամ Ա. հայրապետի գահակալութեան: Աւելի՛ն, կաթողիկոսութեան վերջին 25-ամեակը իր մէջ կը պարունակէ յատկանշական եւ յիշարժան թուականներ:

Հայր Պետրոս իր խօսքը եզրափակեց վեր առնելով կաթողիկոսին հայր ըլլալու յատկանիշը:

Այս առիթով դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը յաջորդաբար երգեց հոգեւոր ու ազգային երգեր:

Յայտնենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ապահովութիւնը նկատի ունենալով` անոնք չէին հրաւիրուած վեհարանի մէջ կայացած հանդիսութեան:

Ապա իր պատգամը տուաւ վեհափառ հայրապետը, որ բարձր գնահատանքը եւ ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց պատարագիչ սրբազանին եւ ուղերձը ընթերցող հայր սուրբին, որոնք միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին ազնիւ զգացումներուն եւ բարի մաղթանքներուն թարգմանը հանդիսացան:

Ան ըսաւ, որ 25 տարիներ առաջ Աստուծոյ ոգեղէն ներկայութեան ուխտեց հաւատարիմ մնալ աստուածաշնչական արժէքներուն, եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսուցումներուն ու դաւանանքներուն, ուխտեց ծառայել Աստուծոյ, ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ: «Արդ, այն ինչ որ իրագործուած է վերջին քառորդ դարու ընթացքին թող արժեւորուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէն, որովհետեւ ճշմարիտ ծառայութիւնը միշտ ճառագայթող է», նշեց հայրապետը եւ ընդգծեց, որ վեհափառ հայրապետին մասին խօսիլ կը նշանակէ քննական մօտեցումով արժեւորել անոր ծառայութիւնը եւ ոչ` գահակալութիւնը, որովհետեւ հոգեւորականին կեանքի ճամբան, որակը, արժէքն ու նպատակը միայն ու միայն ծառայութիւն է, ի՛նչ աստիճանի վրայ ալ գտնուի ան` աւելցնելով. «Աթոռակալ ու աթոռ, վեհափառ հայրապետ թէ՛ կաթողիկոսութիւն, մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն` մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի առաքելութեան ու ծառայութեան նոյն ճամբուն վրայ»:

Յետադարձ հայեացք մը նետելով անցնող 25 տարիներուն վրայ` Արամ Ա. յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով մեր եկեղեցւոյ ու ազգի համայնական կեանքին մէջ կատարուած ծառայութիւնը կարելի է 3 բառերու մէջ խտացնել` եկեղեցաշէն, ազգաշէն եւ հայրենաշէն: «Մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները, մեր բոլոր աշխատանքները եւ իրագործումները, հոգեւոր անդաստանէն սկսեալ մինչեւ կրթական, հայագիտական մարզէն սկսեալ մինչեւ միջեկեղեցական, շինարարական բնագաւառէն մինչեւ մեր կաթողիկոսութեան այլ մարզեր մէկ նշանաբան ունեցան, մէկ ուղղութիւն ունեցան, մէկ մղիչ ուժ ունեցան` հայ եկեղեցի, հայ ժողովուրդ եւ հայրենիք: Այս երեք սկզբունքները, երեք գերագոյն արժէքները, այս սրբազան երրորդութիւնը դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իր գահակալին, իր միաբանութեան, իր ժողովական կառոյցներուն սրբազան նշանաբանը», ընդգծեց ան: Հայրապետը ըսաւ, որ ծառայութիւնը բնաւ ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ չէ եղած, այլ միշտ դէպի ժողովուրդ եւ եկեղեցւոյ ամբողջականութեան է ուղղուած:

Ան դիտել տուաւ, որ մարդ բնականաբար սխալական է, իսկ սրբութիւնը աստուածատուր կոչում մըն է. «Մենք մարդ ենք, սուրբեր չենք: Սխալներ կը գործենք: Ոչ ես սուրբ եմ, ոչ աթոռակալը, գահակալը սուրբ է, ոչ այս գահը սուրբ է, նոյնիսկ եկեղեցին սուրբ չէ: Մենք մարդեր ենք: Եկեղեցին աստուածամարդկային կառոյց է: Սրբութիւնը նոյնիսկ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը չէ: Սրբութիւնը աստուածատուր կոչում է: Եկեղեցին սուրբ է, եկեղեցին առաքելական է, եկեղեցին ընդհանրական է որպէս կոչում` այնքան մը, որ հաւատարիմ է իր աստուածատուր կոչումին. հետեւաբար, հոգեւորականներ, կաթողիկոսէն սկսեալ, սխալներ կրնան գործել: Բնականաբար, մենք ալ սխալներ գործեցինք պատմութեան ընթացքին, ինչպէս մեր եկեղեցին, աշխարհի բոլոր եկեղեցիները սխալներ գործած են, սակայն էականը մեր աստուածատուր կոչումին, առաքելութեան, ծառայութեան հաւատարիմ ըլլալն է: Թող Աստուած ներէ ինչ որ սխալ գործած ենք մեր ծառայութեան ճամբուն վրայ: Թող ազգը ներէ, ուր որ թերացանք: Սակայն մեր ծառայական կոչումը երբեք նահանջ չարձանագրեց, այս Աթոռը, իր գահակալով, իր միաբանութեամբ, իր թեմական կառոյցներով փորձեց հաւատարմօրէն ծառայել Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին եւ մեր հայրենիքին»:

Վեհափառը իր պատգամը աւարտեց փառք տալով Աստուծոյ` իրեն շնորհուած կեանքին ու իմաստութեան համար եւ վերանորոգեց ուխտը նոյն գիտակցութեամբ ու գիտակից յանձնառութեամբ շարունակելու իր ճամբան. «Թող Աստուած մեզի ուժ շնորհէ, որպէսզի մանաւանդ այս դժուար օրերուն մեր կամքը աւելի պրկենք, մեր հաւատքը աւելի զօրացնենք, որպէսզի որպէս եկեղեցի, որպէս հոգեւորական յոյս տանք մեր ժողովուրդին, Աստուծոյ անունով լոյսի փարոսը դառնանք մեր ժողովուրդին»:

Միաբանական Ճաշ

Վեհարանի հանդիսութենէն ետք, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մայրավանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ միաբանական ճաշ` մասնակցութեամբ 22 միաբաններու: Ճաշի աւարտին միաբան հայրերուն ուղղած իր հայրական խօսքին մէջ Արամ Ա. անդրադարձաւ անցնող 25 տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան առաքելութեան` զայն դիտելով ու արժեւորելով ՆԿԱՐԱԳԻՐ, ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ եւ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ բառերով յատկանշուող հայեցակէտերով ու չափանիշներով:

Վեհափառ հայրապետը յիշեց 1961-ին, երբ ինք դպրեվանքի ժառանգաւորաց առաջին դասարանի աշակերտ էր, երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոսին դպրեվանքի աշակերտութեան ուղղուած խօսքը, թէ` «դպրեվանքին մէջ ամէն բանէ առաջ ու վեր նկարագիր կը կերտուի», ու ապա վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Ա՛յս է մարդ կերտելու ու կազմաւորելու մեկնակէտն ու նպատակակէտը: Առանց նկարագիրի մարդու ունեցած բոլոր արժանիքները փուճ են ու նոյնիսկ վնասաբեր` թէ՛ իրեն, եւ թէ իր շրջապատին համար: Մարդը գլխագիր մարդ դարձնողը իր նկարագիրն է: Մենք դպրեվանքէն սկսեալ մինչեւ կաթողիկոսարան ու թեմեր հետամուտ ենք եւ պիտի ըլլանք նկարագիր կերտելու մեր ճիգին ու յանձնառութեան: Անցնող 25 տարիներուն նախանձախնդիր եւ խստապահանջ եղանք ու պիտի ըլլանք այս գծով: Անթիլիասի միաբանները իրենց կեանքին, վարքագիծին ու ծառայութեան մէջ պէտք է արտացոլացնեն այնպիսի՛ նկարագիր, ուր կը ճառագայթեն հոգեւոր ու ազգային արժէքներ»:

Վեհափառը` անդրադառնալով «հաւատարմութեան», ըսաւ. «Ոեւէ կազմակերպութեան մաս կազմողներուն համար հաւատարմութիւնը հրամայական պահանջ է: Քրիստոսի աշակերտներէն Յուդան հաւատարիմ չգտնուեցաւ, դաւաճանեց իր Տիրոջ ու նետուեցաւ պատմութեան գիշերին մէջ. իսկ Պետրոս Առաքեալ աշակերտներուն անունով Քրիստոսին կողմէ երեք անգամ ուղղած հարցումին պատասխանեց, այո՛, «Տէ՛ր կը սիրեմ քեզ» (Յհ. 21.15-18) ըսելով: Մենք մեր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ պիտի մնանք հաւատարիմ մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին եւ այս գերագոյն արժէքներու ծառայութեան լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան»:

Վերջապէս հայրապետը խօսեցաւ «ծառայութեան» մասին. «Յաճախ յիշեցուցած եմ, որ Անթիլիասը իր էութեամբ, գոյութեամբ ու նպատակով ծառայութիւն է: Որեւէ կեդրոն` հոգեւոր, մշակութային, մարդասիրական կամ քաղաքական իր արժէքը կը ստանայ` ի խնդիր գերագոյն արժէքներու իր կատարած ծառայութեամբ: Եկեղեցին ծառայական առաքելութիւն է: Մեր Ս. Աթոռը գնահատանքի ու գովասանքի կարիքը չունի: Մեր ծառայութիւնը արեւու լոյսի նման կը ճառագայթէ: Մենք կոչուած ենք Անթիլիասը միշտ պահել ճառագայթող ներկայութիւն իր ժողովրդանուէր ծառայութեամբ միայն»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+