Խորդրակցական Հանդիպում Պոլսահայ Մամլոյ Ներկայացուցիչներուն Հետ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

30 Haziran 2020  

Խորդրակցական Հանդիպում Պոլսահայ Մամլոյ Ներկայացուցիչներուն Հետ -

Խորդրակցական Հանդիպում Պոլսահայ Մամլոյ Ներկայացուցիչներուն Հետ Խորդրակցական Հանդիպում Պոլսահայ Մամլոյ Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով. 29 Յունիս 2020, Երկուշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը կայացաւ Պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Ժամանակ Օրաթերթի Աւագ Խմբագիր՝ Արա Գոչունեան, Մարմարա Օրաթերթէն՝ Արի Հատտէլէր եւ Կարօ Համամճեան, Փարոս Ամսաթերթէն՝ Մայտա Սարիս եւ Մկրտիչ Արծիւեան եւ Լոյս Պարբերաթերթէն՝ Արամ Քուրան եւ Շահնուր Քազանճըն։

Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանած աղօթքէն յետոյ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, որուն ընթացքին ընդգծեց մամուլի կարեւորութիւնը եւ պարզեց հաւաքոյթին նպատակը, որ էր խորհրդակցիլ Պոլսահայ մամլոյ դէմ հանդիման գտնուած տնտեսական տագնապին շուրջ։ Ներկաներ կարգաւ խօսք առնելով, նախ Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին իր ցուցաբերած հայրական մերձեցման համար եւ ապա՝ իրենց հաստատութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին ու ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւնները։ Արտայայտուած գաղափարներէն յայտնի կը դառնայ թէ՝ ներկայիս Հայ Մամուլը կը պայքարի տնտեսական տագնապին դէմ, որ համազօր է հոսանքի դէմ թիավարելու։ Բոլորը յայտնեցին թէ՝ կը կարօտէին համայնքային հաստատութեանց հետաքրքրութեան եւ իրենց գլխաւորութեամբ կատարելի օժանդակութեան։ Բոլորը յայտնեցին, թէ Հայ մամուլը կարեւոր էր իր առաքելութեամբ եւ այդ առաքելութեան ցարդ գոյատեւումը կարելի դարձած էր յանձն առնուած զոհողութեամբ։
Աւելի քան երկու ժամ տեւող հանդիպման աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ՝ Պատրարքական Աթոռը կը գնահատէ Պոլսահայ Մամուլի գործունէութիւնը եւ իր բարոյական աջակցութիւնը կը բերէ իրենց առաքելութեան շարունակութեան համար։ Կարեւորութեամբ նշեց Հայատառ մամուլի գործունէութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն էր տէր կանգնիլ Արեւմտահայերէնի, նաեւ շեշտեց որ հայ մամուլը պէտք է մուտք գործէ հայ համայնքի բոլոր խաւերէն ներս։ Այս առթիւ ներկաներուն թելադրեց Հայ Համայնքի Հիմնարկներու Միութեան գծով հանդիպում ունենալ նաեւ համայնքային վարչայիններուն հետ։





Bu haber turkiyeermenileripatrikligi.org kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi.org) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi.org). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+