​Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Կնոջ Պատմութիւնը Թրքերէնի Թարգմանուած Է - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

24 Haziran 2020  

​Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Կնոջ Պատմութիւնը Թրքերէնի Թարգմանուած Է -

​Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Կնոջ Պատմութիւնը Թրքերէնի Թարգմանուած Է ​Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Կնոջ Պատմութիւնը Թրքերէնի Թարգմանուած Է

Աշխարհ, ՍփիւռքՊոլսոյ մէջ գործող հայկական «Արաս» հրատարակչութիւնը անգլերենէ թրքերէնի թարգմանած եւ հրատարակած է ամերիկահայ Արլէն Ոսկի Աւագեանի «Առիւծ–Կնոջ Ժառանգութիւնը» գիրքը: Թարգմանիչը Մերալ Ճամճըն է, խմբագիրը` հրատարակչութեան տնօրէն Ռոպեր Քոփթաշը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

«Առիւծը» հեղինակի մայրական տատն է` Էլմաս Թութուեան, որ 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հասած է ԱՄՆ: Ան տարիներ առաջ 1915-ին իր կենաց–մահու պայքարի մանրամասնութիւնները պատմած է թոռնուհիին` Արլէնին եւ պատուիրած է պատմել ողջ աշխարհին: Բայց հեղինակը երկար տարիներ ոեւէ մէկուն չէ համարձակած պատմել, ոչ ալ հրապարակած է իր ընտանիքի պատմութեան այդ տխուր էջերը, որովհետեւ կ՚ենթադրէր, որ աւելի պիտի օտարանար իրեն համար խորթ ամերիկեան հասարակութեան մէջ:

Տասնամեակներ անց, սակայն, երբ հեղինակին խօսքին համաձայն, իր մեծ մօր եւ սեփական կեանքի պատմութիւնները վերջնականապէս միաձուլուած են՝ Արլէն գրի առած եւ հրատարակած է Էլմաս Թութուեանի պատմութիւնը: Գիրքը անգլերէնով լոյս տեսած է 1992-ին:
«Երբ 1992-ին լոյս տեսաւ «Առիւծ-Կնոջ Ժառանգութիւնը», այսպիսով ես վերջապէս կատարեցի մեծ մօրս պատմութիւնը աշխարհին պատմելու յանձնառութիւնը: Սակայն, հիմա, երբ իր պատմութիւնը կը պատմուի իր ծնած երկրին մէջ, ուրախալի է պարզապէս: Էլմասի պատմութիւնը այս գիրքով կը վերադառնայ իր հայրենիք»,- կը պատմէ հեղինակը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+