​Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

18 Haziran 2020  

​Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն -

​Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն ​Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն

Թուրքիան շարք մը օդային հարուածներ հասցուցած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերուն: Օդային հարուածները հասցուած են Սինժար լերան վրայ գտնուող տարածքի մը, ուր կը բնակի եզիտիներու փոքրամասնութիւնը, եւ ուր 2014 թուականին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործուած է եզիտիներու ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը:

Տարածքը կարելի չէ եղած վերականգնել` թրքական օդուժի մնայուն սպառնալիքներու եւ զինեալ խումբերու, ապստամբներու եւ անցակէտներու գոյութեան պատճառով:

Իսրայէլեան օրաթերթը կը գրէ, թէ 2014 թուականին ՔԱԿ-ը Սինժարի մօտ կը կռուէր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ, հակառակ այն իրողութեան որ Թուրքիան ՔԱԿ-ը «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կը կոչէր, ՔԱԿ-ի կառոյցները երբեք յարձակում չեն գործած Թուրքիոյ վրայ:

Թէ ինչո՛ւ Թուրքիան հիմա գործած է զանգուածային օդային հարուածներ, անյայտ է: Վերջերս Թուրքիոյ վրայ յարձակումներ տեղի չեն ունեցած, եւ Անգարան երբեք ապացոյց չէ ներկայացուցած, թէ հիմնականին մէջ ամէնէն աղքատ իրաքցիներէն եւ փոքրամասնութիւններէ բաղկացած Սինժարի խմբաւորումները, որոնք կը բնակին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ոչնչացուած գիւղերուն մէջ, սպառնալիք կը ներկայացնեն:

Թուրքիան նաեւ օդային հարուածներ հասցուցած է Մահմուրի մէջ գտնուող քիւրտ գաղթակայանին: Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը գործողութիւնը կը կոչէ «Արծիւի մագիլ» եւ յայտարարած է, որ հարուած ստացած թիրախներուն թիւը հասած է 81-ի:

Ասիկա 2014 թուականէն` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յարձակումէն ի վեր Սինժարի դէմ եղած մեծագոյն յարձակումն է:

Իրաքի զինեալ ուժերու միացեալ հրամանատարութիւնը դատապարտեց Թուրքիոյ գործողութիւնը` յայտարարելով. «Մենք կը ցաւինք, որ թրքական օդանաւերը ներխուժած են Իրաքի օդային տարածք»:

Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Թուրքիոյ յարձակումները կը նկարագրուին սադրիչ, իսկ օդային տարածքի խախտումը կը նկատուի Իրաքի գերիշխանութեան խախտում:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ֆաթեհ Եըլտըզը եւ անոր փոխանցած հիւսիսային Իրաքի շրջաններու դէմ թրքական ռմբակոծման հարցով բողոքագիր մը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+