​Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Սատարէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Համաշխարհային Հրադադարի Կոչին - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

30 Mart 2020  

​Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Սատարէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Համաշխարհային Հրադադարի Կոչին -

​Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Սատարէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Համաշխարհային Հրադադարի Կոչին ​Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Սատարէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Համաշխարհային Հրադադարի Կոչին

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը կը սատարէ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշի նախաձեռնութիւնը։ Վերջինս, անցեալ Երկուշաբթի կոչ ըրած էր մոլորակի վրայ հրադադարի, որպէսզի մարդոց հնարաւորութիւն տրուի յաղթահարելու COVID-19 համավարակը։

«Կը միանամ անոնց, որոնք հաւանութեան արժանացուցած են այդ կոչը, եւ կը հրաւիրեմ բոլորը հետեւելու անոր՝ դադրեցնելով բոլոր տեսակի ռազմական գործողութիւնները, աջակցելով մարդասիրական օգնութեան համար միջանցքներու ստեղծման, դիւանագիտութեան վերադարձին, ուշադրութեան անոնց, որոնք կը գտնուին ամենաշատ խոցելի վիճակի մէջ»,- այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, ըսած է պապը՝ աւանդական կիրակնօրեայ քարոզին ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս պապը յոյս յայտնած է, որ «քորոնա» ժահրի տարածման համատեղ հակազդելը թոյլ պիտի տայ մարդոց կրկին իրենց զգալու «մարդկային միասնական ընտանիքի անդամ», իսկ առանձին ազգերու եւ հակամարտող կողմերու ղեկավարներուն՝ յաղթահարելու մրցակցութիւնը։

«Հակամարտութիւնները կարելի չէ կարգաւորել պատերազմի օգնութեամբ։ Անհրաժեշտ է յաղթահարել թշնամանքը եւ հակասութիւնները երկխօսութեան եւ խաղաղութեան կառուցողական որոնման միջոցով»,- ըսած է պապը։

Ֆրանչիսկոս պապը, այս անգամ, հաւատացեալներուն դիմած է ո՛չ թէ Վատիկանի պալատի պատուհանէն, այլ պապական գրադարանէն՝ համացանցի ուղիղ հեռարձակումով։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 24-ին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշը ամբողջ աշխարհի պատերազմող կողմերուն զէնքերը վար դնելու կոչ ըրած էր՝ իբրեւ աջակցութիւն առաւել մեծ պայքարի ընդդէմ COVID-19-ի։
«Ընդհանուր թշնամին այժմ կը սպառնայ ամբողջ մարդկութեան: Վարակի կատաղութիւնը ցոյց կու տայ պատերազմի յիմարութիւնը։ Այդ պատճառով, այսօր ես կոչ կ՝ընեմ անյապաղ համաշխարհային հրադադար հաստատել: Ժամանակն է զինուած բախումը դնելու փակման տակ եւ միասին կեդրոնանալու մեր կեանքի իրական պայքարին վրայ»,- ըսած էր Անթոնիօ Կուտերեշը։

Մարտ 25-ին, Արցախի ԱԳՆ-էն յայտնած էին, որ արցախը կը միանայ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի համաշխարհային հրադադարի կոչին եւ կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադարի լիակատար պահպանման։






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+