Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով Օրհնուեցաւ Համայն Հայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն -
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով Օրհնուեցաւ Համայն Հայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն
Հայաստան, ՍփիւռքԿիրակի, 29 Մարտին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն հաւատացեալներ թէեւ ֆիզիքապէս բացակայեցան՝ համաշխարհային համաճարակ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, սակայն անոնք կրցան կաթողիկոսարանի ընկերային լրատուամիջոցներու ցանցին ճամբով աղօթակից դառնալ միաբանութեան եւ խումբ մը դպրեվանեցիներու։
Անթիլիասի Մայրավանքի Ուխտի Օրուան առիթով, եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին, հայրապետը համայն հայութեան յղեց իր Հայրապետական պատգամը եւ յանուն հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ խոնարհեցաւ ու համբուրեց հայոց հաւատքի հօր եւ երկրորդ լուսաւորիչ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Ս. Աջը եւ անոր օրհնութիւնը փոխանցեց աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
Նշենք, որ օր մը առաջ, Մայր Տաճարի Ուխտի Օրուան առիթով կատարուած հսկումի արարողութիւնը կարելի եղաւ նշել դարձեալ առցանց, եւ հաւատացեալները իրենց տուներէն միանալով՝ իրենց աղօթքներով հայցեցին սուրբին բարեխօսութիւնը։
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com