Ֆրանսայի Մէջ «Քորոնա» Ժահրէն Մահացաւ Փաթրիք Տեվեճեան -
Ֆրանսայի Մէջ «Քորոնա» Ժահրէն Մահացաւ Փաթրիք Տեվեճեան
Երէկ նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի վարակէն (Քովիտ-2019) մահացաւ ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տեվեճեան:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնէ Օ-տը-Սեն շրջանի «Թուիթըր»-ի էջը:
Օ-տը-Սենի նահանգապետ, 75-ամեայ Տեվեճեանը օրեր առաջ յայտնած էր, որ հիւանդութեամբ ինքն ալ վարակուած է, բայց բժիշկներուն շնորհիւ կ’ապաքինի: Դժբախտաբար, բժշկական անձնակազմին անկարելի եղաւ փրկել ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչին կեանքը:
Փաթրիք Տեվեճեան ծնած էր 26 օգոստոս 1944-ին: Ան աշխուժօրէն ներգրաւուած էր Ֆրանսայի քաղաքական կեանքին մէջ: 2002 թուականին նշանակուած էր տեղական ինքնակառավարման հարցերու նախարար, 2004 թուականին Ֆրանսայի արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը վարած էր:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com