​Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Լրջօրէն Եւ Անյապաղ Աշխատիլ` Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հայրենիք Վերադարձին Ու - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Փայլածու

Gündem :

30 Mart 2020  

​Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Լրջօրէն Եւ Անյապաղ Աշխատիլ` Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հայրենիք Վերադարձին Ու -

​Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Լրջօրէն Եւ Անյապաղ Աշխատիլ` Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հայրենիք Վերադարձին Ու ​Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Լրջօրէն Եւ Անյապաղ Աշխատիլ` Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հայրենիք Վերադարձին Ուղղութեամբ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին եւ անոր հետեւանքներուն:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այս օրերուն արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը հրատապ խնդիր է` աւելցնելով, որ անոնց, յատկապէս` ուսանողներուն վերադարձը բոլոր լիբանանցիները յուզող հարց է: Ան նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն վերադարձը բնական իրաւունք է` հաստատելով, որ քննարկումը անոնց տունդարձի սկզբունքին շուրջ չէր, այլ` վերադարձը ապահովելու ձեւերուն եւ ժամանակին:

«Պէտք է լրջօրէն եւ անյապաղ աշխատիլ` արտերկրի լիբանանցիներուն հայրենիք վերադարձին ուղղութեամբ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` դիտել տալով, որ առողջապահական եւ ապահովական զոյգ վտանգները կը պարտադրեն կառավարութեան` արագ կերպով ձեռնարկելու լիբանանցի քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու աշխատանքին:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ տակաւին «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի սկիզբն ենք` շեշտելով, որ վտանգը տակաւին սկզբնական շրջանին մէջ է:

«Օգտակար է զգալ, որ մենք Համաշխարհային պատերազմի օրեր կ’ապրինք: Ամբողջ աշխարհը «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու ընթացքին մէջ կը գտնուի, եւ պէտք է օգտուիլ այդ ժահրին դէմ պատերազմած երկիրներու ձեռք ձգած փորձառութիւններէն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան գնահատեց «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով կառավարութեան եւ նախարարներուն ի գործ դրած ջանքերը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն ցուցաբերած յատուկ հոգատարութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու ընդհանուր զօրաշարժին, որպէսզի այս փուլը նուազագոյն մարդկային վնասներով կարելի ըլլայ անցընել: «Մենք «Քորոնա»-ի ժահրէն աւելի վատ պայմաններ անցուցած ենք պատերազմի ընթացքին եւ յաղթանակներ արձանագրած, հետեւաբար յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ եւ ծրագրաւորումով կարելի կ’ըլլայ այդ վտանգը դիմագրաւել», ըսաւ ան` ընդգծելով երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ համեստ դասակարգին պատկանող ընտանիքները իրենց իրավիճակին մասին քաղաքապետարանները պէտք է տեղեակ պահեն: Ան ակնարկեց նաեւ, որ կարգ մը առեւտրականներու կողմէ պարտադրուած սղաճը անընդունելի է` աւելցնելով, որ պէտք է նախարարութիւնները, դատական իշխանութիւններն ու ապահովութեան ուժերը համապատասխան ձեւերով խստացնեն սղաճին հսկողութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց արժանապատուութիւն ունեցող առեւտրականներուն` միջամուխ դառնալու եւ վերջ տալու այս արարքներուն:

Դրամատուներուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ անոնք պէտք է փոքր հաշիւ մը ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնեն անոնց` հաստատելով, որ այսօրուան տիրող պայմանները 2006-էն աւելի վատ են, որովհետեւ բոլոր քաղաքները սառած են, եւ դրամատուները պէտք է երկրին օժանդակեն: «Ամօթ է, որ Դրամատուներու միութիւնը իր տրամադրած 6 միլիոն տոլարին մասին յայտարարութիւն կատարէ, մինչդեռ տարիներու ընթացքին դրամատուները տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ շահած են: Անկարելի է այլեւս լուռ մնալ փոքր հաշիւ մը ունեցող քաղաքացիներուն գումարները դրամատուներուն մօտ պահ ձգելու երեւոյթին դիմաց», ըսաւ ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+